«Մարդավաճառութիւնը մարդկային արժանապատւութիւնը վիրաւորող պատուհաս է» «Մարդավաճառութիւնը մարդկային արժանապատւութիւնը վիրաւորող պատուհաս է» 

«Մարդավաճառութիւնը մարդկային արժանապատւութիւնը վիրաւորող պատուհաս է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ուղարկած Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը Սրբազան Պապը կը քաջալերէ պայքարը՝ արմատախիլ ընելու համար մարդավաճառութեան վէրքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատուհաս մը որ կը վիրաւորէ մեր աւելի խոցելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն  արժանապատւութիւնը»։Այսպէս կ՛որակէ մարդավաճառութիւնը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, պատգամի մը մէջ զոր կը կրէ  Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը եւ ուղղուած է Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումբին, որ Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան առթիւ, անցեալ 30 յուլիսին, կազմակերպած էր «ոչ մարդավաճառութեան» խորագիրով առցանց ուսումնաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 600է աւելի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։  

«Ժամանակակից դարաշրջանը տխուր կերպով յատկանշուած է օգտակարութեան հեռանկարով մը, որ մերձաւորին կը նայի անձնական յարմարութեան եւ շահի չափանիշով, կրճատելով իւրաքանչիւրի մարդկութեան իրագործման ուղին, անոր եզակիութեան եւ անկրկնելի էութեան համաձայն», գրուած է պատգամին մէջ ուր ապա ընդգծուած է թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը «կը քաջալերէ յանձնառումը՝ սոյն վերքը ամբողջապէս արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ» եւ թիկունք կը կանգի բոլոր այն ջանքերուն «որոնք կը միտին օգնել վերապրողները ու համագործակցիլ վճռակամ կերպով կառուցելու ուղիներ՝ որոնք կը տանին դէպի հասարակաց բարիք եւ մարդկային կեանքին լիակատար իրագործում»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2020, 08:00