Ֆրանչիսկոս Պապ ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին։ 

Ֆրանչիկոս Պապին նամակը Հիրոշիմայի կառավարիչին «խաղաղութիւնը կրնայ ծաղկիլ լոկ՝ երբ աշխարը հիւլէական զէնքերէ զուրկ ըլլայ։»

հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի վերապրածներուն մարգարէական ձայնը շարունակէ ծառայել որպէս նախազգուշացում մեզի եւ ապագայ սերունդներու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հիրոշիմային հիւլէական ռմբակոծութեան 75 -րդ ամեակի առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Հիրոշիմային կառավարիչ, տիար Հիտեհիքօ Եուզաքիին, որուն մէջ վերահաստատեց, թէ աշխարհը կրնայ խաղաղութեան հասնիլ, միայն երբ հիւլէական զէնքերէ զուրկ ըլլայ։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց բոլոր անոնք որոնք այսօր համայն աշխարհի մէջ կը յիշատակեն հիւլէական ռմբակոծութեան թիրախ զոհերուն յիշատակը։ Ան յատուկէն ողջունեց hibakushaի վերապրածները, ճափոնական եզր, որ կը նշանակէ Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծութեէն վերապրածներ։

«Առանձնաշնորհումը ունեցայ որ կարողացայ անձամբ այցելել Հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի քաղաքները, անցեալ տարի նոյեմբեր ամյսոյն կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին, որուն ծիրէն ներս  այցելեցի նաեւ Նակազաքքի Խաղաղութեան զբօսայգին» գրած է ֆրանչիսկոս Պապ Հիրիշիմային  կառավարիչին յղած նամակի մէջ ընդգծելով  թէ «բոլորը պէտք են հրաժարիլ զէնքերէն, յատուկէն կործանիչ ռումբերէն, ինչպէս հիւլէական ռումբերը, որոնք կը քար ու քանդ կ՝ընեն քաղաքներն ու երկիրները։

Նամակի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ  ապա վերահաստատեց այն ինչ որ ըսած էր, 24 նոյեմբեր 2019ին հիրշոշիմային խաղաղութեան յուշհամալիրէն ներս .«Պատերազմական նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի  օգտագործումը անբարոյական է, ինչպես նաեւ հիւլէական զէնքերուն պահպանումը։

Ան նամակը աւարտած է մաղթելով որ «հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի վերապրածներուն մարգարէական ձայնը, շարունակէ ծառայել որպէս նախազգուշացում մեզի եւ ապագայ սերունդներու համար ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2020, 11:59