Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «պէտք է Մարիամի դիմագիծը փրկել մաֆիական կազմակերպութիւններու ազդեցութիւններէն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Մարեմեան սրբավայրերը միշտ դառնան աղօթքի միջնաբերդեր, Աւետարանի գործունէութեան կեդրոններ, ապաշխարութեան վայրեր  ու Մարեմեան բարեպաշտութեան հիմնաքարերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

15 օգոստոս 2020ին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Քահանայապետական Մարեմեան Միջազգային կաճառին, որուն մէջ գնահատեց նշեալ կաճառին, մաֆիական եւ ոճրագործական երեւոյթները քննարկող նոր բաժանմունքի ստեղծումը, որուն նպատակն է փրկել  Տիրամօր դիմագիծը կեղծանող  մաֆիական կազմակերպութիւններու ազդեցութիւններէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարեմեան պաշտամունքը,  կրօնական, մշակութային ժառանգութիւն է, որ պէտք է պահպանուի իր բնածին մաքրութեան մէջ, ազատելով այն կառոյցներէն, պայմանաւորուածութիւններէն, զօրութիւններէն, որոնք չեն համապատասխաներ աւետարանի արդարութեան, ազատութեան, համերաշխութեան չափանիշերուն։» Գրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, քահանայապետական Մարեմեան միջազգային կաճառին նախագահ հայր Սթէֆանօ Չեքքինիին։

Նորին Սրբութիւն յիշեց ու գնահատեց նաեւ կաճառին նոր բաժանմունքը, որուն նպատակն է քննարկել եւ ուսումնասիրել այն բոլոր երեւոյթները որոնք կ՝աղաւաղեն Տիրամօր դիմագիծը, օրինակի համար, մաֆիայի  ղեկաւարներուն բնակարաններուն դիմաց, թափօրի ընթացքին Տիրամօր արձանին առջեւ ծնրադրութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ, Մարեմեան քահայանայապետական կաճառին  կազմակերպութեամբ, համագործակցութեամբ Եկեղեցական եւ հանրային հաստատութիւններուն
յառաջիկայ 18 սեպտեմբերի կայանալիք, Տիրամօր ուսումնասիրութեան օր ձեռնարկի  կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Մարեմեան սրբավայրերը միշտ դառնան աղօթքի միջնաբերդեր, Աւետարանի գործունէութեան կեդրոններ, ապաշխարութեան վայրեր  ու Մարեմեան բարեպաշտութեան հիմնաքարերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2020, 13:15