Ռիմինիի Տաղաւարը Ռիմինիի Տաղաւարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ռիմինիի հաւաքի մասնակիցներուն «Եղէք հաւատքի գրաւիչ ուժին վկաները »

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի պատգամը «Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն» եկեղեցական շարժումին Ռիմինիի հաւաքի տարեկան համագումարին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

18էն -23 օգոստոսին, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ կայանալիք, «Հաղորդութիւն եւ Ազատութիւն» իտալական եկեղեցական շարժումի տարեկան 41-րդ հաւաքի առթիւ, Վատիկանի պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը ուղղեց Ռիմինի թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Լամպիազիին։

Ունկնդրէ լուրը

«Առանց Զարմանքի խուլ կը մնանք վեհութեան դիմաց» նիւթով առցանց կազմակերպուած համագումարին  մասնակիցներուն ուղղած պատգամի մէջ Կարդինալ Փարոլին, նախ Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցեց ապա ընդգծեց զարմանքի կարեւորութիւնը՝ ըլլայ նոր կեանք մը վերսկսելու, ըլլայ կեանքի դժուար պահերուն վերականգնելու համար։

Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը զարմանքի մասին.« զարմանքը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է կեանքի ամպոտ, մոխրագոյն ու միապաղաղ կեանքէն խուսափելու համար, ինչպէս կը պատահի նաեւ հաւատքի կեանքին մէջ։ Նաեւ Եկեղեցին կարիքը ունի վերանորոգելու Աստուծոյ կենդանի օճախը ըլլալու զարմանքը, Տիրոջ հարսն ու Մայրը, որ կը ծնի զաւակներ։ Գրած է պատգամին մէջ ծիրանաւորը։

Ան ապա ակնարկելով համագումարին նիւթին «Առանց Զարմանքի խուլ կը մնանք վեհութեան դիմաց» նշեց,  որ անիկա հրաւէր է սուզուելու մարդկային սիրտին մէջ զարմանքի պարանի միջոցաւ, որ միակ ուղին է ընկալելու վսեմին նշանները, այսինքն այն խորհուրդը, որ արմատն է բոլոր հիմնական բաներուն։

«Համաճարակի ճգնաժամը մեզ բոլորս մղեց հարց տալու կեանքի, մահուան, իմաստի մասին։ Իւրաքանչիւր անհատ ինքնիր մէջ ունի անսահման տխրութիւն ու երազ, որուն պատասխանը կը գտնէ միայն անսահմանի հայող պատասխանի մէջ։

Պատգամի մէջ կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ գեղեցկութեան, նշելով որ գեղեցկութիւնն ու  զարմանքը հրամայական են ճշմարտութեան հասնելու համար։

Համայն քրիստոնեաները կանչուած են վկայելու հաւատքի գրաւչութեան խորութիւնը, որ կը ներգործէ իր գեղեցկութեան ուժով, որ է Յիսուսի գրաւչութիւնը։

«Ֆրանչիսկոս Պապ բոլորս կը հրաւիրէ շարունակելու վկայել Աստուծոյ գեղեցկութիւնը, որ մարմնացաւ ,որպէսզի մեր նայուածքները հմայուին,  տեսնելով Իր դիմագիծն ու որպէսզի մեր հայեացքները Աստուծոյ մէջ գտնեն ապրելու զարմանքը»։ Նշած Է պատգամին Վատիկանի Պետական քարո

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2020, 14:47