Հայր Ֆապիօ Սալերնոն դարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի քարտուղար Հայր Ֆապիօ Սալերնոն դարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի քարտուղար 

Հայր Ֆապիօ Սալերնոն դարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի քարտուղար փոխարինելով Հայր Կայտը։

Հայր Ֆապիօ Սալենրոն պիտի աջակցի Ուրուկուացի Հայր Կոնծալօ Աեմիլիուսին, որ անցեալ Յունուարին փոխարինած էր գերապայծառ Ֆապիան Փետաքիօ Լէանիչը, որպէս Քահանայապետի անձնական քարտուղար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որպէս իր յատուկ քարտուղար նշանակեց Հար Ֆապիօ Սալերնոն, որ մինչեւ այժմ կը պաշտօնավարեր Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքին մէջ։  Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի։  

«Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած Հռոմի Քուրիայի մարդկանց յաջորդականութեան սովորական գործընթացի ծիրէն ներս. Գերապայծառ Եոաննիս Լահզի Կայտը, 2014-ի ապրիլէն ի վեր Քահանայապետի քարտուղար, աւարտեց իր ծառայութիւնը։ Ան պիտի շարունակէ Մարդկային Եղբայրութեան Բարձր Կոմիտէի անդամի իր պաշտօնավարութիւնը», հաստատեց Մաթթէօ Պրունին շաբաթ մէկ օգոստոս 2020-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։  

Հայր Ֆապիօ Սալերնոն ծնած է Քաթանծարօ՝ 25 ապրիլ 1979-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 19 մարտ 2011-ին անդամակցելով Քաթանծարօ-Սքուիլլաչէ թեմին։  Հռոմի Լատերանի համալսարանի մօտ աւարտած է « Utroque Iure»  տոքթորան։ Աշխատած է Եւրոպական Խորհուրդի Սթրազպուրկի գրասենեակի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտի առաքելութեան մէջ, ինչպէս նեաւ Ինտոնեզիայի Առաքելական նուիրակութեան մօտ, ապա Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքին մէջ։  

Հայր Ֆապիօ Սալենրոն պիտի աջակցի Ուրուկուացի Հայր Կոնծալօ Աեմիլիուսին, որ անցեալ Յունուարին փոխարինած էր գերապայծառ Ֆապիան Փետաքիօ Լէանիչը, որպէս Քահանայապետի անձնական քարտուղար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2020, 12:30