Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Քահանայապետը յիշեց կրօնի համար հալածուածները, գաղթականները, իտալիոյ երկրաշարժի զոհերը եւ քորոնա ժահրի հիւանդները։

«Չի մոռնանք, չի մոռնանք Քորոնաժահրի հիւանդները» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 օգոստոս 2020-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշեցուց՝ որ «երէկ նշուեցաւ Համաշխարհային օրը` ի յիշատակ կրօնի և հաւատքի վրայ հիմնուած բռնութեան զոհերուն»։

Համաշխարհային օր` ի յիշատակ կրօնի և հաւատքի վրայ հիմնուած բռնութեան զոհերուն։

Աղօթենք այդ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար ու աղօթքով եւ զօրակցութեամբ թիկունք կանգնինք անոնց, որոնք տակաւին այսօր եւս կը հալածուին իրենց հաւատքին պատճառաւ» ըսաւ Քահանայապետը, նշելով՝ որ անոնք բազմաթիւ են։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը գաղթականներու ի նպաստ

Մեքսիքայի 72 գաղթականներու ջարդի տասնամեակը։

Սրբազան Պապը հուսկ յիշեց թէ 24 օգոստոսին կը նշուի Մեքսիքայի Թամաուլիփաս քաղաքի մէջ պատահած 72 գաղթականներուն ջարդի տասնամեակը։ «Անոնք տարբեր երկիրներէ անձեր էին՝ որոնք աւելի լաւ կեանք մը կը փնտռէին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն, «որոնք կը շարունակեն պատահածին համար պահանջել արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն»։

«Տէրը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ յոյսի ճանապարհորդութեան ընթացքին զոհուած գաղթականներուն համար։ Անոնք զոհը եղան մնացորդացի մշակոյթին» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը։

Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժին չորրորդ տարեդարձը։ 

Ան ապա յիշեց՝ որ վաղը՝ (24 օգոստոսին), կը լրանայ կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժին չորրորդ տարեդարձը, այս ուղղութեամբ իր աղօթքները ապահովեցնելով երկրաշարժի թիրախ ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն, մաղթելով՝ որ անոնք յառաջ ընթանան զօրակցութեամբ եւ յոյսով ու մաղթելով նաեւ որ արագանայ վերակառուցումը, որպէսզի մարդիկը կարողանան անդորրութեամբ ապրիլ այդ գեղեցիկ տարածքներուն վրայ:

Զօրակցութիւն Քապօ Տելկատոյի բնակչութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ ուզեց իր մօտիկութիւնը արտայայտել Մոզամբիկի հիւսիսը գտնուող Քապօ Տելկատոյի բնակչութեան, որ կը տառապի միջազգային ահաբեկութեան պատճառաւ։

Չի մոռնանք քորոնավիրուսի հիւանդները

«Չի մոռնանք չի մոռնանք Քորոնաժահրի հիւանդները» 

Ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Իտալիոյ Պերկամօ մարզի մաս կազմող Քարոպիօ Տէյլի Անճելիէն ժամանած ընտանիքներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին ուխտագնացութեամբ, յիշելու համար Քորոնաժահրի հիւանդները։

«Չի մոռնանք, չի մոռնանք Քորոնաժահրի հիւանդները» կոչ ուղղեց  Սրբազան Պապը, ակնարկելով ընտանիքի մը վկայութեան՝ որ վերջին ամիսներուն համաճարակի պատճառաւ կորսնցուց մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը, առանց սակայն կարողանալու վերջին հրաժեշտը տալու անոնց։ «Մեծ տառապանք է այս մէկը։ Բազմաթիւ անձինք կեանքը կորսնցուցին հիւանդութեան պատճառաւ, բազմաթիւ կամաւորներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ, մայրապետներ ու քահանաներ, կորսնցուցին իրենց կեանքը։ Յիշենք բոլոր ընտանիքները, որոնք տառապեցան այս պատճառաւ», հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2020, 13:00