«Աղօթքի մարդիկը կը հաւատան՝ թէ յոյսը աւելի զօրեղ է յուսալքումէն» «Աղօթքի մարդիկը կը հաւատան՝ թէ յոյսը աւելի զօրեղ է յուսալքումէն» 

«Աղօթքի մարդիկը կը հաւատան՝ թէ յոյսը աւելի զօրեղ է յուսալքումէն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Աղօթքը յոյսին առաջին ուժն է։ Երբ դուն աղօթես յոյսը կ՛աճի, յառաջ կ՛ընթանայ։ Ես կ՛ըսեմ թէ աղօթքը կը բանայ յոյսին դռները
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Մարդիկն ու կիները որոնք կ՛աղօթեն գիտեն թէ յոյսը աւելի զօրաւոր է յուսալքումէն։ Կը հաւատան որ սէրը աւելի հզօր է մահուընէ ու թէ վստահաբար ան օր մը պիտի յաղթէ նոյնիսկ եթէ մեզի անծանօթ ժամանակներով եւ ձեւերով։ #Preghiera»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 29 Յուլիս 2020-ին հրապարակած թուիթին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է  Նորին Սրբութեան անցեալ 20 մայիս 2020-ի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, զոր Քահանայապետը կեդրոնացուցած էր աղօթքի վրայ  հաստատելով որ «Աղօթքը՝ յոյսին դռները կը բանայ»։  

«Աղօթքը յոյսին առաջին ուժն է։ Երբ դուն աղօթես յոյսը կ՛աճի, յառաջ կ՛ընթանայ։ Ես կ՛ըսեմ թէ աղօթքը կը բանայ յոյսին դռները։ Որովհետեւ աղօթքի մարդիկը կը պահպանեն հիմնական ճշմարտութիւնները, անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք ապա ուրիշներուն կը կրկնեն՝ թէ «այս կեանքը, հակառակ բոլոր դժուարակրութիւններուն ու խոչընդոտներուն լի է զարմանալի շնորհքներով։ Եւ ասոր համար ան պէտք է միշտ պահպանուի եւ պաշտպանուի»։ ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2020, 19:07