Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ուրիշներուն կարիքներուն նայինք. այս աշխարհին մէջ մինակ չենք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց, Արժանթինի Comodoro di Rivadavia թեմի մէջ հոգեւոր նիւթերու մասին կազմակերպուած դասընթացքին մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 24 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Արժանթինի Comodoro di Rivadavia թեմի մէջ հոգեւոր նիւթերու մասին կազմակերպուած դասընթացքին մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան պատգամին առանցք կազմեց ծառայել ուրիշներուն, մանաւանդ կարիքաւորներուն այն գիտակցութեամբ, որ այս աշխարհին մէջ երբեք մինակ չենք։

Առցանց կազմակերպուած դասընթացքին նիւթն էր «ընկերային սարկաւագութեան դարձը» որուն ներշնչումի աղբուիր հանդիսած է  միջազգային Աստուածաբանական յանձնախումբին, «սինոդականութիւնը կեանքէն ներս եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ» փաստաթուղթը։

Տեղական եկեղեցւոյ կողմէ սփռուած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով դասընթացքին նիւթին, որ է «ընկերային սարկաւագութեան դարձը» նշեց, թէ անիկա կը նշանակէ ծառայել ուրիշներուն, նայիլ ուրիշի կարիքներուն՝ ըլլայ հոգեւոր ըլլայ նիւթական, դիտել տալով նաեւ, որ եսասիրութեան պատճառաւ վարժ դարձած ենք՝այլուր նայելու, առանց որ տառապողին անդրադառնանք։  Սակայն, նշեց Սրբազան Հայրը «Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ, որ ուրիշներուն ծառաները դառնանք, նման Բարի Սամարացիին, որուն անունին ոչ իսկ ծանօթ ենք։»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ ճամփուն եզերքը կան մարդիկ եւ կիներ՝մեզի նման, տարեցներ եւ մանուկներ,որոնք մեզմէ կը խնդրեն, որ իրենց նայինք եւ ձեռք տանք անոնց։

Նորին Սրբութիւնը պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց շնորհելով բոլորին Իր առաքելական օրհնութիւնը, հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2020, 12:43