Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Պենետիկտոս ԺԶ-ի եղբօր՝ Կէորկ Ռացինկերի համար։

Կաղօթեմ ձեզի համար եւս Նորին Սրբութիւն, Սուրբ Կողս Մարիամի բարեխօսութեամբ Հօրմէ հայցելով աստուածային քնքուշ մխիթարութիւն եւ քրիստոնէական յոյսի աջակցութիւն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լուր վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ի «սիրելի» եղբօր մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական նամակ մը յղած է որուն մէջ  յայտնած է իր հոգեւոր մօտիկութիւնը «այս ցաւի պահուն»։

Ունկնդրէ լուրը

«Դուք նրբութիւնը ունեցաք առաջինը ինծի տեղեկացնելու ձեր սիրելի եղբօր՝ Գերապայծառ Կէորկ Ռացինկերի  մահուան լուրը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը «հաւաստիացնելով իր աղօթքները  հանգուցեալին հոգւոյն հանգստեան համար, «որպէսզի կեանքի Տէրը, իր ողորմած սիրով, զայն ընդունի երկնաւոր հայրենիքին մէջ ու անոր շնորհէ աւետարանի հաւատարիմ ծառայողներուն վերապահուած վարձատրութիւնը»։

«Կաղօթեմ նաեւ ձեզի համար՝ Նորին Սրբութիւն, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Հօրմէ հայցելով աստուածային քնքուշ մխիթարութիւն եւ քրիստոնէական յոյսի աջակցութիւնը։  Յոյսի եւ խաղաղութեան աղբիւր՝ յարուցեալ Քրիստոսին յարումով միշտ միացած» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը որ նամակը կ՛աւարտէ յատկանշական խօսքերով «Որդիաբար եւ եղբայրաբար» բացայայտելով սէրն ու յարգանքը հանդէպ իր նախորդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 12:08