Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աբրահամէն սորվինք աղօթել Հաւատքով» Ֆրանչիսկոս Պապին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Սորվինք Աբրահամէն աղօթել հաւատքով, մտիկ ընել, քալել, երկխօսել ու նաեւ վիճաբանիլ, սակայն միշտ պատրաստ ըլլալով ընկալելու Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն ի գործ դնելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի  3 Յունիս 2020ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը, Առաքելական Պալատի գրադարանէն գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ուղիղ եթերի միջոցաւ հետեւեցան աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ հազարաւոր հաւատացեալներ։

Մեկնելով Ծննդոց գիրքէն քաղուած Տիրոջ մեր նախահօր Աբրահամին ըրած  խոստումի դրուագէն, ուր Աստուած Աբրահամին կը խոստանայ երկնքի մէջ գտնուող  աստղերէն աւելի մեծ սերունդ մը,  Քահանայապետը նշեց թէ Աբրահամի կեանքին մէջ կայ ձայն մը, որ յանկարծակի կը հնչէ ու զայն կը հրաւիրէ թողելու իր երկիրը, անջատուելու իր ընտանեկան արմատներէն ու ճամբայ ելլելու՝ երթալու համար դէպի նոր ապագայ մը, տարբեր ապագայ։ Եւ այս բոլորը հիմնուած լոկ խոստումի մը վրայ, որուն պէտք է միայն վստահիլ։

Աբրահամ կը մեկնի։ Կ՛ունկնդրէ  Աստուծոյ ձայնը ու կը վստահի Անոր խօսքերուն։ Եւ ահա այս մեկնումով է որ ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեան նոր ըմբռնում մը։ Ասոր համար է որ Աբրահամ երեք միաստուածեան կրօններու մէջ՝ հրէական, քրիստոնեայ եւ մահմետական, ներկայացուած է որպէս Աստուծոյ կատարեալ մարդը, կարող Անոր հպատակելու նոյնիսկ երբ Անոր կամքը կը յայտնուի դժուար, եթէ ոչ նոյնիսկ անհասկանալի։

Աբրահամը ուստի Խօսքին մարդն է։ Երբ Աստուած կը խօսի մարդը կը դառնայ այդ Խօսին ընկալողը եւ անոր կեանքը վայր՝ ուր Աստուած կարող է մարդեղանալ։ Այս մէկը մեծ նորութիւն մըն է մարդուն հոգեւոր ուղեւորութեան մէջ. Հաւատացեալին կեանքը կը սկսի ըմբռնուիլ որպէս կոչում, որպէս վայր ուր կ՛իրականանայ խոստումը։

Ծննդոց գիրքը կարդալով կը բացայայտենք թէ ինչպէս Աբրահամը աղօթքը ապրեցաւ Խօսքի  յարատեւ հաւատարմութեամբ։  Աբրահամի կեանքին մէջ հաւատքը պատմութիւն կը դառնայ։ Աստուած այլեւս չ՛երեւիր միայն տիեզերական երեւոյթներուն մէջ, որպէս հեռաւոր Աստուած մը, որ սարսափ կարող է յարուցել։  Աբրահամին Աստուածը կը դառնայ իմ Աստուածս, իմ անձնական պատմութեան Աստուածը, որ կ՛առաջնորդէ իմ քայլերս եւ զիս երբեք չի լքեր։ Ան կը դառնայ Նախախնամ Աստուած։

Աբրահամին աղօթքը կ՛արտայայտուի նախ եւ առաջ արարքներով։ Լռութեան մարդ, ամէն մէկ հանգրուանին ան Տիրոջ համար խորան մը կը կառուցէ։ Ան քարեր կը ցրուէ իր ճանապարհին վրայ որոնք կը յիշեցնեն Աստուծոյ անցքը։

Աստուած մը որ կը զարմացնէ այնպէս ինչպէս երբ երեք հիւրերու կերպարանքով կ՛այցելէ Աբրահամն ու Սարան անոնց յայտնելով Իսահակի՝ իրենց որդոյն ծնունդը (Ծննդոց 18, 1 -15)։

Այսպէսով Աբրահամ Աստուծոյ ծանօթը կը դառնայ, կարող նաեւ Անոր հետ վիճելու, սակայն մշտապէս հաւատարիմ, մինչեւ գերագոյն փորձը՝ երբ Աստուած անորմէ կը խնդրէ իր միակ որդին զոհել։

Այստեղ Աբրահամը հաւատքը կ՛ապրի որպէս ողբերգութիւն, որպէս գիշերուան մէջ կտրելիք ճանապարհ։ Աստուած կը կեցնէ անոր ձեռքը, որովհետեւ կը տեսնէ անոր իսկապէս լիակատար տրամադրութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սորվինք Աբրահամէն, սորվինք աղօթել հաւատքով, ունկնդրել Տէրը, քալել, զրուցել ու նաեւ վիճաբանիլ։ Վախ չունենանք վիճաբանելու Աստուծոյ հետ։ Այդ ալ աղօթքի ձեւ մըն է։ Որովհետեւ միայն զաւակ մը կարող է իր հօրմէ դժգոհիլ ու վիճաբանիլ անոր հետ։  Սորվինք Աբրահամէն աղօթել հաւատքով, մտիկ ընել, երկխօսել, վիճաբանիլ, սակայն միշտ պատրաստ ըլլալով ընկալելու Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն ի գործ դնելու։ Սորվինք Աստուծոյ հետ խօսիլ ինչպէս զաւակ մը կը խօսի իր հօր հետ։ Մտիկ ընենք Անոր, պատասխանենք, վիճաբանինք։ Սակայն թափանցիկութեամբ, ինչպէս զաւակ մը իր հօր հետ։ Այսպէս է որ Աբրահամ մեզի կը սորվեցնէ աղօթել։ 

Քահանայապետին խօսքերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 09:46