Բժիշկ մը հիւանդի մը ձեռքը բռնած Բժիշկ մը հիւանդի մը ձեռքը բռնած 

«Զգոյշ ըլլանք առաջուայ պատրանքներէն» Ֆրանչիսկոս Պապին 23 յունիսի թուիթը։

Պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ հազիւ տագնապը աւարտի, դիւրին է դարձեալ վերադառնալ այդ անհատականութեան պատրանքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուած մեզ ստեղծեց հաղորդութեան եւ եղբայրութեան համար եւ այսօր աւելի քան երբեք՝ ապացուցուեցաւ թէ ամէն բան մեր վրայ կեդրոնացնելն եւ անհատականութիւնը ընկերութեան սկզբունքն ու ուղեցոյցը դարձնելը՝ պատրանք է։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ։ Որովհետեւ հազիւ տագնապը աւարտի, դիւրին է դարձեալ վերադառնալ այդ պատրանքին»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երեքշաբթի 23 Յունիս 2020-ին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ շաբաթ օր՝ Վատիկանի մէջ, Լոմպարտիա Նահանգէն ժամանած բժիշկներու պատուիրակութեան մը ուղղած ճառէն, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտած էր՝ թէ պէտք դաս քաղել համաճարակի փորձառութենէն ու այնպէս ընել որ այդ ապրումները մոռացութեան չի մատնուին եւ առաջուայ պատրանքները դարձեալ չի յայտնուին։

Քահանայապետը ապա բժիշկներուն, կամաւորներուն, բուժօգնութիւն մատուցողներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն յայտնած էր՝ թէ իրենց նուիրական գործով ու զոհաբերութեամբ «սկիզբ տուին հրաշքի մը», մարդկայնութեան հրաշքը, ուր բացայայտ եղաւ թէ բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին, կախեալ ենք մէկը միւսէն եւ «կարիքը ունինք Հօր մը՝ որ մեզի ձեռք երկարէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2020, 13:30