Քահանայապետին նուէրը Ունիթալսիին Քահանայապետին նուէրը Ունիթալսիին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ելեկտրական հեծանիւներ նուիրեց Ունիլթասի բարեգործական աճուրդի համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ մօտիկ գտնուած է ՈՒՆԻԹԱԼՍԻ բարեսիրական կազմակերպութեան խնամքի տակ գտնուող մանուկներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՈՒՆԻԹԱԼՍԻ բարեգործական կազմակերպութեան Հռոմ - Լացիօ մարզի բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է բարեսիրական աճուրդ, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի, դէպք լուրտ ուխտագնացութեան առաջնորդելու՝ Հռոմի Ճէմելի հիւանդանոցի ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մանուկները։ Առ այդ՝ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը վերոնշեալ բարեսիրական կազմակերպած աճուրդին նուիրեց ելեկտրական հեծանիւներ։ Լուրը հաղորդեց Ունիթալսի կազմակերպութիւնը նշելով, որ Նորին Սրբութիւնը միշտ նեցուկ գտնուած է մանուկներուն եւ յիշելով  31 մայիս 2013ին, Վատիակնի Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումի Ճեմելլի հիւանդանոցին ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մանուկներու նետ։

Ունկնդրէ լուրը

Բարեսիրական կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապին բարեսիրական նախաձեռնութեան միջնորդ պիտի ըլլայ Նորին Սրբութեան յատուկ քարտուղարը գերապայծառ Եոաննիս Լահզի Կայտ, որ արդէն իսկ յանձնած է ելեկտրական հեծանիւները,  զանոնք զօրակցութեան գործիքներու վերածելու նպատակաւ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ հեծանիւներու նուէրը Ունիթասլի նկատմամբ ֆրանչիսկոս Պապին անգամ մը եւս ցուցաբերած քնքշութեան եւ մօտիկութեան ժեսթերէն մին է։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 11:03