Շնչառութեան գործիքներ Շնչառութեան գործիքներ 

Ֆրանչիսկոս Պապը շնչառութեան 35 գործիքներ նուիրեց «Քովիտ -19»ի թիրախ որոշ երկիրներուն։

Գործիքները նուիրուած են Հայիթիի կղզին, Տոմինիքեան հանրապետութիւնը, Պոլիվիան, Պրազիլը, Քոլոմպիան, Էքուատորը Հոնտուրասը, Մեքսիքոն,Վենեզուելլան, Քամերունը, Զիմպապուէն, Պանկլատէշը եւ Ուկրանիան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Քահանայապետական ողորմաբաշխ  գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քովիտ 19 համաճարակի տագնապին ի տես իր գործնական եւ շօշափելի մօտիկութիւնը ուզեց արտայայտել համաճարակի թիրախ եւ առողջապահական դիւրաբեկ  համակարգպվ որոշ երկիներուն, որոնց շարքին Հայիթիի կղզին, Տոմինիքեան հանրապետութիւնը, Պոլիվիան, Պրազիլը, Քոլոմպիան, Էքուատորը Հոնտուրասը, Մեքսիքոն,Վենեզուելլան, Քամերունը, Զիմպապուէն, Պանկլատէշը եւ Ուկրանիան։

Սրբազան Պապը Քահանայապետական ողորմաբաշխ  գրասենեակի հովանաւորութեամբ եւ առաքելական պատուիրակութիւններու միջոցաւ վերոնշեալ երկիրներուն  նուիրեց շնչառութեան 35 գործիքներ, որոնք անհրաժեշտ են մարդկային կեանքեր փրկելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 21:48