Մարմին Յիսուսի Մարմին Յիսուսի 

Յիսուսի Մարմոյ եւ Արեան տօնին առթիւ 14 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի մէջ Քահանայապետական Սուրբ Պատարագ

«Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի 14 Յունիս 2020-ի առաւօտեան 9.45-ին, ի ներկայութեան 50 հաւատացեալներու եւ կղերական դասին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Յիսուսի Սուրբ Մարմնի եւ Արեան Տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի նախագահէ  հայրապետական սուրբ պատարագին, որուն աւարտին նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւնը եւ օրինութիւնը, այնպէս ինչպէս սովոր էր ընել Նորին Սրբութիւնը, համաճարակի հետեւանքով որդեգրուած մեկուսացումի ժամանակաշրջանին, Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատուռէն՝ 9  մարտէն մինչեւ 17 մայիս ուղիղ եթերով սփռուած իր առօրեայի պատարագներու ընթացքին։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։  Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց։

Ֆրանչիսկոս Պապը 2017-ին որոշեց տօնակատարութիւնը փոխադրել կիրակի օրուայ, եւ այդ որոշումի հետեւանքով 2018-ին Քահանայապետը տօնի Սուրբ Զոհը մատուցեց Հռոմի ծովեզերեան Օսթիա շրջանին մէջ, հետեւելով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի հետքերուն։ 2019-ին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Քազալ Պերթոնէ շրջանի Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Աստուածանայ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ 2013-էն մինչեւ 2017 Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով իր նախորդներուն աւանդութիւնը, այդ պատարագները մատուցած էր Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք գլխաւորած էր նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որ մեկնելով Սուրբ Յովհաննէսի տաճարէն կը հասնէր մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա։

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ Աւագ Հինգշաբթի գիշեր, իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ժամանակ, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով ըսաւ. «Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։ Սուրբ Պօղոս Կորընթացներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ այս խօսքերուն վրայ կ՛աւելցնէ որ Յիսուս ապա ըսաւ «Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2020, 17:17