1589277486637.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հիւանդապահի միջազգային օրուան առթիւ. «Բարի Սամարացիներ»։

«Բուժ օգնութիւն մատուցողները, մարդիկ եւ կիներ են, որոնք որոշեցին այո պատասխանել յատուկ մէկ կոչումին՝ըլլալ բարի սամարացիներ, որոնք իրենց վրայ կ՛առնեն մերձաւորի կեանքը ու անոր վէրքերը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի հիւանդապահներ եւ հիւանդապահուհիներ, դուք հիմնական դեր ունիք աշխարհը յուզող համաճարակի տագնապին մէջ։ Դուք «քովի դռան սուրբերն էք»։ Դուք պատկերն էք «Դաշտային հիւանդանոց» Եկեղեցւոյ։ Դուք մարդիկ եւ կիներ էք, որոնք որոշեցին այո պատասխանել յատուկ մէկ կոչումին՝  դառնալ բարի սամարացիներ։ Դուք կեանքի պահապաններն ու անոր ծառայողներն էք։ Դուք մօտիկ էք մարդոց՝ իրենց գոյութեան վճռական պահերու ընթացքին, ծննդեան, մահուան, հիւանդութեան եւ ապաքինումի պահերուն, անոնց օգնելու համար, որպէսզի յաղթահարեն  այդ իրավիճակները։ Շնորհակալ եմ ձեր այս մարդկութեան նուիրած ծառայութեան համար։ Կ՛աղօթեմ ձեզի համար»։

Խօսքեր են ասոնք որոնք պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, երեքշաբթի 12 մայիսին հրապարակած մէկ պատգամին մէջ, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած հիւանդապահներու եւ մանկաբարձներու միջազգային օրուան առթիւ, որ այս տարի կը զուգադիպի Florence Nightingale-ի ծննդեան  200 ամեակին, ան՝ որ սկիզբ տուաւ ժամանակակից բուժ օգնութեան ծառայութեան։

«Այս պատմական պահուն, որ յատկանշուած է  Քովիտ 19 ժահրի համաճարակի յառաջացուցած առողջապահական համաշխարհային տագնապով, մենք վերաբացայայտեցինք թէ որքանով  հիմնական կարեւորութեամբ դեր մր ունին   հիւանդապահները ու նաեւ մանկաբարձները» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ բուժօգնութիւն մատուցող այրերուն եւ կիներուն նուիրուած օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին սկիզբը։

«Ամէն օր ականատես ենք  առողջապահութեան գործիչներու քաջութեան եւ զոհողութեան վկայութեան, յատկապէս հիւանդապահներուն, որոնք արհեստավարժութեամբ, նուիրումով, պատասխանատուութեան եւ մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ հոգիով, խնամք կը տանին վիրուսէն վարակուած անձերուն, վտանգելով նոյնիսկ իրենց առողջութիւնը» կը շարունակէ ապա Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով՝ որ   «ասոր ապացոյցն է, դժբախտաբար, իրենց ծառայութիւնը մատուցելու պահուն մահացած առողջապահական գործիչներուն բարձր թիւը»։

 «Կ՛աղօթեմ անոնց համար» ու նաեւ՝ «համաճարակի բոլոր զոհերուն համար» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը,  որ ընդգծելով առողջապահական մարզէն ներս հիւանդապահներու կարեւոր ու կեդրոնական դերը, դիտել կու տայ թէ «անոնք մարդիկ եւ կիներ են որոնք որոշեցին այո պատասխանել յատուկ մէկ կոչումին»՝ ըլլալ բարի սամարացիներ, որոնք իրենց վրայ կ՛առնեն մերձաւորի կեանքը ու անոր վէրքերը։ Անոնք կեանքի պահապաններն ու ծառայողներ են ու մինչ անհրաժեշտ բուժումները կը կատարեն քաջութիւն, յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչեն»։

Խօսքը ուղղելով հուսկ բուժօգնութիւն մատուցողներուն Քահանայապետը կը գրէ.

«Սիրելի հիւանդապահներ եւ հիւանդապահուհիներ, խնամք տանելով մարդոց, կիներուն, մանուկներուն ու տարեցներուն, կեանքի բոլոր հանգրուաններու ընթացքին,  սաղմէն մինչեւ մահ, դուք շարունակաբար յանձնառու էք ունկնդրութեան մէջ, հասկնալու համար հիւանդին պահանջները»։

Դուք մօտիկ էք մարդոց՝ իրենց գոյութեան վճռական պահերու ընթացքին, ծննդեան, մահուան, հիւանդութեան եւ ապաքինումի պահերուն, անոնց օգնելու համար, որպէսզի յաղթահարեն  այդ իրավիճակները ու շատ անգամ կը գտնուինք մահամերձ մարդոց կողքին, անոնց նուիրելով  սփոփանք եւ մխիթարութիւն, անոնց կեանքի վերջին ժամերուն»։

Այս ձեր նուիրումին համար դուք «քովի դռան սուրբերն էք»։ Դուք պատկերն էք «Դաշտային հիւանդանոց» Եկեղեցւոյ, որ կը շարունակէ կատարել Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը, որ մօտեցաւ եւ բժշկեց տառապող անձերը ամէն տեսակ չարէն, ծունկի եկաւ եւ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը»։

«Շնորհակալ եմ ձեր այս մարդկութեան ընծայած ծառայութեան համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ապա՝ թէ այս օրերուն համաճարակին տագնապը «բազմաթիւ երկիրներու մէջ,  ի յայտ դրաւ առողջապահական համակարգին բազմաթիւ բացթողումները», խօսքը կ՛ուղղէ համայն աշխարհի պետութիւններու պատասխանատուներուն, որպէսզի ներդրումներ կատարեն առողջութեան ի նպաստ,  հզօրացնելով հաստատութիւնները, աշխատանքի ընդունելով աւելի հիւանդապահներ , «որպէսզի երաշխաւորուի խնամքի ատակ ծառայութիւն մը՝ որ յարգէ ամէն մէկ մարդ էակի արժանապատուութիւնը»։

«Հիւանդապահները, հիւանդապահուհիները ու նաեւ մանկաբարձները իրաւունք ունին եւ արժանի են աւելի լաւ կերպով գնահատուելու եւ ներառուելու մարդոց եւ հասարակութեան առողջութեան հայող գործընթացքներուն մէջ։ Ապացուցուած է որ անոնց վրայ ներդրում կատարելը կը բարելաւէ առողջութեան եւ խնամքի ընդհանուր արդիւնքները։ Ասոր համար հարկաւոր է աճեցնել անոնց մասնագիտական ծաւալը ու բարելաւել անոնց կազմաւորումի ընթացքն ու աշխատանքի պայմանները, որպէսզի կարողանան արժանավայել կերպով կատարել իրենց ծառայութիւնը» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը նամակին մէջ, որուն աւարտին յատուկ խօսք կ՛ուղղէ Մանկաբարձներուն. «ձեր աշխատանքը ամենէ ազնիւ աշխատանքներէն մին է եւ նուիրուած է կեանքի ծառայութեան եւ մայրութեան։ Այսօր Երկնային Հայրը ձեզի կը նայի երախտագիտութեամբ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կ՛աւարտէ մաղթելով՝ որ «այս օրը ըլլայ առիթ՝ շեշտելու հիւանդապահներու աշխատանքի արժանապատուութեան կեդրոնականութիւնը, ի շահ համայն հասարակութեան առողջութեան»։

«Ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց որոնք ձեր խնամատարութեան տակ կը գտնուին կ՛ապահովեցնեմ իմ աղօթքներս ու կը շնորհեմ օրհնութիւնս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 12:00