Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Երանի Խաղաղարարներուն որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին». Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Խաղաղարարները Աստուծոյ զաւակներ կանչուած են, որովհետեւ սորուեցան խաղաղութեան արուեստը ու զայն ի գործ կը դնեն։ Անոնք գիտեն թէ չկայ հաշտութիւն՝ առանց անձնական կեանքի զոհաբերումին, ու թէ խաղաղութիւնը պէտք է մշտապէս եւ ամենուրէք որոնուի եւ հետապնդուի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 15 ապրիլ 2020-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, համաճարակի պատճառաւ որդեգրուած միջոցներու բերումով, շարունակուեցաւ նախորդ շաբաթներու նման,  ուղիղ եթերով սփռուիլ , Վատիկանի առաքելական պալատի մատենադարանէն։

Շարունակելով  Երանութիւններու մասին  իր խորհրդածութիւններու շարքը, Սրբազան Պապը այսօր անդրադարձաւ եօթներորդ Երանութեան մասին. «Երանի խաղաղարարներուն»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան խորհրդածութիւնը նուիրուած է եօթներորդ Երանութեան. «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին»։ Ուրախ եմ որ այս մէկը կը պատահի ճիշդ Զատիկէն անմիջապէս ետք, որովհետեւ Քրիստոսի խաղաղութիւնը պտուղն է Անոր մահուան եւ յարութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը։

Երբ Յիսուս կը հաստատէ «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ։ (Յովհ․14։ 27) Ան մեզի կ՛ըսէ թէ իր խաղաղութիւնը տարբեր է մարդկային խաղաղութենէն։

«Հարց տալու ենք աշխարհը ի՞նչ ձեւով կու տայ խաղաղութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը։ Եթէ մտաբերենք պատերազմական հակամարտութիւնները, անոնք ընդհանրապէս կ՛աւարտին երկու ձեւով. Կամ երկու կողմերէն մէկու մը պարտութեամբ եւ կամ խաղաղութեան համաձայնագիրով։ Մենք կրնանք միայն մաղթել եւ աղօթել որ մշտապէս ընտրուի երկրորդ ուղին, սակայն պէտք է նաեւ նկատի ունենալ որ պատմութիւնը խաղաղութեան անվերջ համաձայնագիրերու շարք մըն է, որոնք յաճախ հերքուած են հետագայ պատերազմներէն եւ կամ այդ պատերազմներուն կերպարանափոխութենէն՝ որոնք կը շարունակուին տեղի ունենալ տարբեր ձեւերով ու տարբեր վայրերու մէջ։

Այսօր եւս աշխարհի մէջ կայ «մաս մաս» ու տարբեր կերպերով կատարուած պատերազմ մը։ Եւ պէտք է առնուազն տարակոյս ունենանք որ  համաշխարհայնացումի ոլորտէն ներս, որ յատկանշուած  է յատկապէս տնտեսական շահերով, մի քանիներուն խաղաղութիւնը կը համապատասխանէ ուրիշներու պատերազմին։ Եւ այս մէկը Քրիստոսի խաղաղութիւնը չէ։

Յիսուս մեր Տէրը՝ իր խաղաղութիւնը կու տայ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն. «երկուքը մէկ ընելով» (Եփեսացւոց 2, 14), քակելով թշնամութիւնը ու հաշտութիւն հաստատելով։ 

Այս խաղաղութեան գործը իրականացնելու ճանապարհը Անոր մարմինն է ։ Ան արդարեւ ամէն ինչ կը հաշտեցնէ ու այնտեղ խաղաղութիւն կը դնէ իր խաչին արիւնով, ինչպէս կը յիշեցնէ միշտ Սուրբ Պօղոսը։

«Ո՞րոնք են ուրեմն խաղաղարարները» հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց. «Անոնք կանչուած են Աստուծոյ զաւակներ, որովհետեւ սորուեցան խաղաղութեան արուեստը ու զայն ի գործ կը դնեն։ Անոնք գիտեն թէ չկայ հաշտութիւն՝ առանց անձնական կեանքի  զոհաբերումին, ու թէ խաղաղութիւնը պէտք մշտապէս եւ ամենայնդէպս որոնուի։ Միշտ եւ ամենուրէք՝  շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ, նշելով՝ որ այս մէկը մեր կարողութիւններուն պտուղը չէ, այլ յայտնութիւնն է շնորհքի մը, որ ընկալած ենք Քրիստոսէն, որ մեզ դարձուց Աստուծոյ զաւակներ։

Այս խաղաղութիւնը  կու գայ Անոր խաչէն եւ կը ստեղծէ նոր մարդկայնութիւն մը, որ իրականացուած է Սուրբերու եւ Սրբուհիներու անվերջ շարանով, որոնք ստեղծագործութեամբ ու  հնարամտութեամբ սիրելու նոր ուղիներ հնարեցին։

«Աստուծոյ զաւակներու այս կեանքը, որով Քրիստոսի արիւնի միջոցաւ կը փնտռենք ու կը գտնենք մեր եղբայրները, իսկական երջանկութիւնն է», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց դարձեալ  Զատկուան տօնը շնորհաւորելով բոլորին. «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ Քրիստոսի խաղաղութեան մէջ»  ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 09:44