1586937766716.JPG

Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել «Ողորմած Յիսուսին՝ Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան համար»։

Յիսուս՝ Սրբուհի Ֆաուսթինային ուղղեց սոյն խնդրանքը «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չի գտնէ մինչեւ որ չի դիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 15 ապրիլ 2020-ին Վատիկանի առաքելական պալատէն ուղիղ եթերով ներկայացուցած հրապարակային  ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց հաղորդասփռումներու միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալները։

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ՝ Սրբազան Պապը յիշեցուց որ յառաջիկայ կիրակի՝ պիտի տօնախմբենք Աստուածային ողորմութեան կիրակին, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը հաստատած էր, համապատասխանելու համար Յիսուսին՝ Սրբուհի Ֆաուսթինային ներկայացուցած խնդրանքին. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)»։

«Վստահութեամբ աղօթենք Ողորմած Յիսուսին՝ Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան համար, յատկապէս անոնց համար- որոնք այս դժուար պահուն կը տառապին։ Յարուցեալ Քրիստոսը մեր մէջ վերակենդանացնէ յոյսը եւ հաւատքի հոգին» ըսաւ Սրբազան Պապը,  շնորհելով իր օրհնութիւնը  ապա Արաբերէն լեզուի պատկան հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ, Ան հաստատեց՝ թէ «խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է եւ պտուղը՝ հոգեւոր պայքարի մը, մեր խաչը տանելով եւ ամէն օր Քրիստոսի ետեւէն քալելով, որովհետեւ ան որ Աստուծոյ կը հաւատայ, պէտք է հաւատքը թարգմանէ սիրոյ՝  բոլոր արարածներուն նկատմամբ։ Ան պէտք է դառնայ  խաղաղութեան գործիք» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ ողջոյններու շարքի աւարտին  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ երիտասարդներուն,  հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն, խրախուսելով զանոնք յարատեւ նայելու Յիսուսին, որ յաղթեց մահուան ու «մեզ կ՛օգնէ կեանքի տառապանքն ու փորձանքները ընկալելու որպէս թանկագին առիթ՝ զղջումի եւ փրկութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 10:15