Իտլիպ Իտլիպ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը Սուրիոյ Ժողովուրդին ու Քորոնա ժահրի հիւանդներուն։

Կը միանամ իմ եպիսկոպոս եղբայրներուս, քաջալերելու համար հաւատացեալները, այս դժուար պահը ապրելու հաւատքի զօրութեամբ, յոյսի վստահութեամբ ու սիրոյ ջերմութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8  մարտ 2020-ին Առաքելական Պալատի մատենադարանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց ընկերակցութիւններուն ու հաստատութիւններուն, որոնք համախմբուած են իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիացի Ժողովուրդին ու յատկապէս Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանի բնակչութեան, որ ստիպուած է փախուստի ճամբան առնել՝ պատերազմի վերջին զարգացումներուն բերումով։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչ Սուրիոյ համար

«Կը նորոգեմ մտահոգութիւնս, ի տես այդ անպաշտպան անձերու տմարդկային իրավիճակին, որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ, որոնց կեանքը սպառնալիքի տակ է» ըսաւ Սրբազան Պապը, նկատել տալով որ «պէտք չէ մեր հայեացքը հեռու պահել, ի տես այդ մարդասիրական ճգնաժամին, ու թէ պէտք է անոր տալ առաջնահերթութիւն ուրիշ որեւէ այլ շահէ անդին»։

Մօտիկութիւն Քորոնա ժահրի հիւանդներուն 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յայտնեց թէ աղօթքով մօտիկ է բոլոր այն անձերուն որոնք կը տառապին Քորոնա ժահրի բերումով ու բոլոր անոնց որոնք խնամք կը տանին այդ հիւանդներուն։  

Կը միանամ իմ եպիսկոպոս եղբայրներուս,  քաջալերելու համար հաւատացեալները, որպէսզի այս դժուար պահը ապրինք հաւատքի զօրութեամբ, յոյսի վստահութեամբ ու սիրոյ ջերմութեամբ։

«Քառասնորդացի այս շրջանը մեզ օգնէ աւետարանական իմաստ տալու նաեւ այս դժուար կացութեան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը բարի կիրակի մաղթելով բոլոր հաւատացեալներուն ու հրաւիրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2020, 12:12