Քահանայապետին աղօթքը Սան Մարչելլօ եկեղեցւոյ մէջ Քահանայապետին աղօթքը Սան Մարչելլօ եկեղեցւոյ մէջ 

«Տիրոջմէ խնդրեցի. Քու ձեռքովդ կեցուր համաճարակը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը Իտալական «Ռեփուպլիքա» օրաթերթին. «Բոլորէն կը խնդրեմ որ մօտիկ ըլլանք անոնց որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տիրոջմէ հայցեցի որ կեցնէ համաճարակը. Տէր քու ձեռքովդ կեցուր համաճարակը։ Ասոր համար աղօթեցի»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալական «Ռեփուպլիքա»  օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով իրեն ուղղուած յատուկ մէկ հարցումին, հայող՝ անցեալ կիրակի օրուայ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Սան Մարչելլօ Ալ Քորսօ եկեղեցիներուն մէջ կատարած աղօթքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Զրոյցին մէջ Քահանայապետը խօսելով այս դժուար օրերու մասին ըսաւ. «Պէտք է վերագտնել փոքրիկ բաներու առարկայականութիւնը, մեր մերձաւորին նկատմամբ ուշադրութիւն, ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը։ Հասկնալ թէ այդ փոքրիկ բաներուն մէջ կայ մեր գանձը»։ Պէտք ենք վերագտնել նորոգուած մօտիկութիւնը։ Յաճախ ընտանիքները տան մէջ միասին կը ճաշեն անասելի լռութեան մէջ, ուր կը պակսի փոխադարձ ունկնդրութիւնը….մինչ այդ իրար ունկնդրելը կարեւոր է, որովհետեւ կը հասկանանք ուրիշներուն կարիքները, անոնց պահանջները, յոգնութիւնները, իղձերը։ Առարկայական ժեստերով խօսելակերպ մը կայ, որ պէտք է պահպանել։ Իմ կարծիքով այս օրերուն ցաւը պէտք է բացուի այդ առարկայականութեան»։

Զրոյցի ընթացքին քահանայապետը յատուկէն անդրադարձաւ նաեւ առողջապահական մարզի մէջ գործող անձերուն, կամաւորներուն ու զոհերու ընտանիքներուն։

«Շնորհակալ եմ անոնց որոնք իրենք զիրենք կը նուիրեն ուրիշներուն։ Անոնք առարկայականութեան տիպար են։ Բոլորէն կը խնդրեմ որ մօտիկ ըլլան անոնց որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին, անոնց աջակցելով բոլոր միջոցներով։ Մխիթարութիւնը ըլլալու է բոլորին յանձնառումը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլորը հրաւիրեց յոյսին, նոյնիսկ անոնց որոնք անհաւատ են։

«Բոլորս Աստուծոյ զաւակներ ենք ու Ան մեզ կը դիտէ։ Նոյնիսկ ան  որ տակաւին Աստուծոյ չի հանդիպեցաւ կարող է այնտեղ գտնել ճանապարհը, բարի արարքներուն մէջ, ան կարող է ուժը գտնել իր զաւակներուն, ընտանիքին ու եղբայրներուն սիրոյ մէջ», հաստատեց Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 09:25