Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա  Տիեզերական Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա  Տիեզերական Պատրիարքը 

Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքին զօրակցական պատգամները՝ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին։

Տիեզերական պատրիարքը պահքի քառասնորդաց շրջանին պիտի շարունակէ աղօթել ընտանիքներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան    

Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա տիեզերական Պատրիարքը երկու  պատգամներով  իր զօրակցութիւնն է յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելայի միջոցաւ  Իտալիոյ համայն ժողովուրդին, որ թիրախ դարձած է քորոնա ժահրի համաճարակին, որուն հետեւանքով մինչեւ այսօր իտալիոյ մէջ պատճառած է աւելի քան 5500 զոհ։

Ունկնդրէ լուրը

Տիեզերական Պատրիարքը պատգամին մէջ բարձր գնահատած ու գոված է  Իտալիոյ հանրային առողջապահութեան անձնակազմի ունեցած քաջութիւնը ու զոհողութեան հոգին, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով հիւանդներուն ի սպաս ի գործ դրուած անսահման ջանքերուն համար։

Պատգամին մէջ Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը իր մօտիկութիւնը յայտնելով բոլոր ընտանիքներուն, ընդգծած թէ ինք Քառասնորդացի մեծ պահքի շրջանին պիտի շարունակէ աղօթել խնդրելով Աստուծմէ հիւանդներուն ամոքում, մեռեալներուն  յաւիտենական կեանք, մխիթարութիւն ու սփոփանք զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2020, 11:03