Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հաւատք, աղօթք ու մերձակայութիւն համաճարակի օրերուն։

Երբ Յիսուսի աշակերտները ծովուն մէջ կը տարուբերուէին փոթորիկէն ան անոնց ընդառաջ երթալով ըսաւ. «մի վրդովիք, մի վախնաք. Ես ձեզի հետ եմ»։ Այլ ոմն Քրիստոս մը եւս, ինչպիսի է քահանան, պէտք չէ հետեւի իր Վարդապետին, ու ինք եւս կարողանայ՝ Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ, արտասանել նոյն խօսքերը՝ մի վախնաք որովհետեւ Յիսուս մեզի հետ է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին բազմիցս կը հանդիպինք արտակարգ իրավիճակներու, որոնք ստեղծուեցան մարդկային կեանքին սպառնացող համաճարակներու եւ ժանտախտներու պատճառաւ։

Ունկնդրէ լուրը

2020 տարին եւս մի գուցէ պատմութեան մէջ արձանագրուի որպէս  Քովիտ 19 պսակաձեւ նոր ժահրի յայտնաբերումի տարի, որուն բերումով մարդկութիւնը այսօր կ՛ապրի աննախադէպ իրողութիւն, ուր առօրեայի սովորական ապրելակերպը դարձած է անսովոր, ի տես ժահրի դէմ պայքարի միջոցներուն, որոնք մեզ կը ստիպեն կղզիացումի։

Պետութիւնները սկսած են դիմել «ծայրայեղ» քայլերու, որոնք միակ միջոցն ու դարմանն են յաղթահարելու համար ժահրի տարածումը ու փրկելու համար մարդկային կեանքեր։

Մեր առօրեայի սովորութիւնները մէկդի դրուած են։ Այն պարզ ու տարրական շարժուձեւերը՝ ըլլայ ընտանեկան կեանքէն ներս, ըլլայ ընկերային գետնի վրայ, ենթարկուած են որոշակի փոփոխութեան։

Թելադրուած է իրար հետ չի շփուիլ, մէկը միւսէն առ նուազն մէկ ու կէս մեթր հեռաւորութեան վրայ մնալ։ Տունէ դուրս ելլել միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային։ Մէկը միւսին հետ չի ձեռնուիլ եւայլն….

21րդ դարու ստեղծագործ մարդկութիւնը որ ձեռք բերած է բազմաթիւ նուաճումներ այսօր կը գտնուի այնպիսի տագնապի մը դիմաց, որուն դէմ պայքարելու համար ստիպուած է դիմել հարիւր տարիներ առաջ որդեգրուած միջոցներու, մինչ գիտնականներ կը փորձեն դարման գտնել այս համաճարակին։

Այս արտակարգ ու աննախադէպ իրողութեան դիմաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ շատերէ համարուած է աշխարհի ժողովրդապետ, ինք եւս դիմեց աննախադէպ միջոցներու, բոլոր եպիսկոպոսներէն, քահանաներէն ու կղերական դասէն խնդրելով որ աւելիով մօտիկ ըլլան իրենց հօտին, որ շփոթութեան մէջ է ու մի գուցէ կարիքը ունի առաջնորդութեան։

Երբ Յիսուսի աշակերտները ծովուն մէջ կը տարուբերուէին փոթորիկէն  Ան անոնց ընդառաջ երթալով ըսաւ. «մի վրդովիք, մի վախնաք. Ես ձեզի հետ եմ»։ Այլ ոմն Քրիստոս մը եւս, ինչպիսի  է քահանան, պէտք չէ արդե՞օք հետեւի իր Վարդապետին, ու ինք եւս կարողանայ՝ Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ, արտասանել նոյն խօսքերը՝ մի վախնաք որովհետեւ Յիսուս մեզի հետ է։

Սուրբ Պետրոսի յաջորդ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որոշեց ամէն առաւօտ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը հեռարձակել ուղիղ եթերով, որպէսզի հաւատացեալները, կարողանան իրենց բնակարաններէն հետեւիլ ու մասնակցիլ Սուրբ Զոհին, զոր Նորին Սրբութիւնը ամէն օր կը նուիրէ յատուկ մէկ դիտաւորութեան։ Այս ընելով Ֆրանչիսկոս Պապ Քահանաները հրաւիրեց դիմելու մօտիկութեան «ստեղծագործ»  արարքներու, եւ իրենց առաքելութիւնը կատարելու նուիրական ծառայութեամբ հոգ տանելով հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն։

Ան հրաւիրեց նաեւ այս տագնապալից օրերուն՝ լաւապէս ապրիլ  հաւատքը ու դէպի Յիսուսի Յարութեան տօնը առաջնորդող քառասնորդացի ընթացքին՝ աւելիով կառչիլ յոյսին, զոր միայն Յիսուս կարող է տալ մարդկութեան։

Անցեալ11 մարտին Սրբազան Պապը Հռոմի «Տիվինօ Ամօրէ - Աստուածային Սէր» սրբավայրի Տիրամօր հովանիին յանձնեց մարդկութիւնը ու անոր ճակատագիրը, մինչ անցեալ կիրակի օր՝ 16 մարտին, ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուր «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի  - Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամօր հրաշագործ Սրբապատկերին դիմաց աղօթեց խորապէս, Անորմէ հայցելով պաշտպանութիւն, օգնութիւն, համաճարակի տարածման դադրեցում ու նաեւ հիւանդներու ապաքինում եւ անոնց խնամք տանողներուն համար ուժ եւ կարողութիւն։ Սրբազան Հայրը հուսկ ուղղուեցաւ Հռոմի Սան Մարչելլօ եկեղեցի ուր պահպանուած է հրաշագործ խաչելութիւն մը, որուն շնորհիւ 1522 թուականին Հռոմ քաղաքը փրկուեցաւ ժանտախտէն։ Այնտեղ եւս Քահանայապետը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ու մարդկութեան համար հայցեց Աստուածային օգնութիւնը։

Համաճարակի այս օրերուն ապաւինինք մեր Տիրոջ ու մեր Փրկչին։ Ան որ Ղազարոսը յարոյց մեռելներէն, բացաւ կոյրին աչքերը, անդամալոյծը ոտքի կանգնեցուց, ու մեղաւորին շնորհեց իր ողորմութիւնը, այս դժուար  ու փոթորկալից օրերուն մեզի եւս լսելի ընէ իր ձայնը ու մեր մտքին ու սրտերուն մէջ հնչեցնէ՝ «մի վախնաք. Ես ձեզի հետ եմ» խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2020, 10:14