Վատիկանի մէկ մուտք Վատիկանի մէկ մուտք 

Վատիկանը եւս կը քննարկէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առաւել միջոցներ։

Յայտնենք թէ Ուրբաթ 6 Մարտին առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտարարեց թէ Վատիկանի մէջ յայտնաբերուած է Քորոնա ժահրի վարակումէն առաջին պարագան որուն բերումով ժամանակաւոր կերպով փակուած է Վատիկանի բուժարանը, մինչ հիւանդը փոխադրուած է հիւանդանոց։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, հինգշաբթի 5 մարտի երեկոյեան, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, հաստատեց թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութիւնը բարելաւումի մէջ է, ու թէ Քահանայապետի, Վատիկանի Պետութեան ու Սուրբ Աթոռին հայող  յառաջիկայ օրերուն գործունէութեան  ուղիով կը քննարկուին նոր եւ առաւել միջոցներ՝ «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ այսօր 6 Մարտին կ՛աւարտի Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ մէկ մարտին Արիչչա քաղաքի Աստուածային Վարդապետի տուն կեդրոնին մէջ եւ որուն Նորին Սրբութիւնը, որ անցեալ օրերուն պաղառութենէ կը տառապէր, հետեւեցաւ իր բնակավայրէն։

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները

Միշտ այսօր՝ 6 մարտին, Վատիկանի մէջ սկիզբ կ՛առնեն Քառասնորդացի ուրբաթօրեայ խորհրդածութիւնները, որոնք այս տարի տեղի պիտի ունենան Քլեմենթնա դահլիճին մէջ եւ ոչ թէ Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ, ի տես մատուրի տարածքի փոքրութեան, ուր կարելի չէ պահպանել մէկ աթոռի ու միւս աթոռի միջեւ, քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման համար թելադրուած, առնուազն մէկ մեթր հեռաւորութիւնը։

Քառասնորդացի այս տարուայ խորհրդածութիւններու ներկայացումը յանձնուած է Հայր Մարքօ Իվան Ռուփնիքին։

Հռոմի Թեմի թելադրանքները

Քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ՝ Հռոմի Թեմը եւս դիմած է կարեւոր քայլերու, կասեցնելով բոլոր երկրորդական գործունէութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն կապ չունին ծիսակատարութեան հետ, որոնց շարքին, կրօնուսուցումը, ամուսնութեան պատրաստութեան դասընթացքները ու այլ ժողովրդապետական գործունէութիւններ։

Հռոմի Թեմի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ  կը թելադրուի նաեւ, որ հիւանդներուն այցելութիւնները կատարուին յարգելով թելադրուած նուազագոյն հեռաւորութիւնը ու առողջապահութեան ու մաքրութեան պայմանները, մինչ հրաւէր կ՛ուղղուի բոլոր ժողովրդապետական հասարակութիւններուն չի կասեցնելու բարեսիրական ծառայութիւնները, միշտ ի միտ ունենալով առողջապահական թելադրանքները ու ցուցմունքները։

Վատիկանի մէջ առաջին պարագան

Յայտնենք թէ Ուրբաթ 6 Մարտի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտարարեց թէ Վատիկանի մէջ յայտնաբերուած է Քորոնա ժահրի վարակումէն առաջին պարագան որուն բերումով ժամանակաւոր կերպով փակուած է Վատիկանի բուժարանը, մինչ հիւանդը փոխադրուած է հիւանդանոց։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2020, 08:40