Կրօնաւորական կեանքին նուիրուած պատարագ Կրօնաւորական կեանքին նուիրուած պատարագ 

Կրօնաւորական կեանքին նուիրուած պատարագ. «Աչքերս տեսան Քու փրկութիւնդ»։

Նուիրեալ կեանքը երբ արմատացած ըլլայ Տիրոջ Սիրոյ մէջ կը տեսնէ գեղեցկութիւնը։ Կը տեսնէ թէ աղքատութիւնը տիտանական ջանք մը չէ, այլ գերազանց ազատութիւն, որ մեզի՝ որպէս իսկական հարստութիւն, կը նուիրէ Աստուած եւ ուրիշները ։ Կը տեսնէ որ ողջախոհութիւնը խիստ անպտղաբերութիւն մը չէ, այլ ճանապարհ սիրելու առանց սեփականացումի։ Կը տեսնէ որ հնազանդութիւնը կարգապահութիւն չէ, այլ Յիսուսին ոճով յաղթանակ ՝մեր անիշխանութեան վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ մէկ փետրուար 2020-ի երեկոյեան, «նուիրեալ կեանքի» 24-րդ համաշխարհային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն առթիւ արտասանած յաւուր պատշաճի խօսքը կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, ուր կը պատմուի Յիսուսին տաճար ընծայման դէպքը ու տաճարին մէջ Յիսուսին հանդիպումը Սիմէոն անունով՝ «արդար եւ երկիւղած» ծերունիին հետ, որ Յիսուսը տեսնելով կը բացագանչէ. «աչքերս տեսան Քու փրկութիւնդ» (Ղուկ. 2,30)։

Ունկնդրէ լուրը

«Բազմաթիւ մարդոց միջեւ որոնք այդ օր տաճարին մէջն էին միայն Սիմէոնը, ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, Յիսուսին մէջ կը տեսնէ Փրկիչը ու զայն իր գիրկը առնելով կ՛օրհնէ զԱստուած եւ կ՛ըսէ. «Ով Տէր այժմ խաղաղութեամբ արձակէ քու ծառադ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ  պատարագի մասնակցող կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն յիշեցնելով որ իրենք եւս  Սիմէոնի նման, տեսան գանձը՝ որ աւելի թանկարժէք է աշխարհի բոլոր ունեցուածքներէն ու թէ Անոր համար թողուցին ամէն ինչ, որովհետեւ սիրահարուեցան Յիսուսին։

Սրբազան Պապը հուսկ քարոզի որպէս առանցք ընտրեց. «Աչքերս տեսան Քու փրկութիւնդ» խօսքը, նշելով թէ կրօնաւորները այդ խօսքը կը կրկնեն ամէն երեկոյ եւ այդ բառերով կը փակեն օրը, «մինչ փորձիչը ամէն ջանք կը դափէ մեզ շեղեցնելու ճամբէն ու մղելու աշխարհիկ մտածողութիւններու, որոնք չեն ճանչնար Աստուծոյ շնորհքը ու կը մղեն հայեացքը հեռացնելու  Աստուծոյ շնորհքէն, կորսնցնելով կրօնաւորական կեանքի սլացքն ու ուղեցոյցը»։

«Իսկական հայեացք ունենալու համար հարկաւոր է Սիմէոնի նման տեսնել Աստուծոյ մեզի վերապահած շնորհքը, ընտանութիւն ունենալով Սուրբ Հոգիին հետ» ըսաւ ապա Քահանայապետը, դիտել տալով որ «Նուիրեալ կեանքը երբ արմատացած ըլլայ Տիրոջ Սիրոյ մէջ կը տեսնէ գեղեցկութիւնը։ Կը տեսնէ թէ աղքատութիւնը տիտանական ջանք մը չէ, այլ գերազանց ազատութիւն, որ մեզի՝ որպէս իսկական հարստութիւն, կը նուիրէ Աստուած եւ ուրիշները։ Կը տեսնէ որ ողջախոհութիւնը խիստ անպտղաբերութիւն մը չէ, այլ ճանապարհ՝ սիրելու առանց ունենալու։ Կը տեսնէ որ հնազանդութիւնը կարգապահութիւն չէ, այլ Յիսուսին ոճով յաղթանակ, մեր անիշխանութեան վրայ։

Աչքերս տեսան փրկութիւնդ։ Սիմէոն կը տեսնէ փոքրիկ, հեզ Յիսուսը որ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու, եւ Սիմէոն եւս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ծառայ. «Տէր այժմ խաղաղութեամբ արձակէ քու ծառադ»։

«Այն որ հայեացքը սեւեռած կը պահէ Յիսուսին վրայ, կը սորվի ապրիլ ծառայելու համար ու ընդառաջ երթալու դէպի մերձաւորը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, մատնանշելով՝ որ մերձաւորը կը գտնուի եղբօր ու քրոջ մէջ, որոնց կը հանդիպինք մեր միջավայրին մէջ եւ զօր պէտք է  ընկալենք  իրենց բոլոր թերութիւններով։

«Կարիքը կայ մերձաւորը փնտռող հայեացքներու, որոնք կը մօտեցնեն անոնք որոնք հեռու են։ Կրօնաւորները որոնք կ՛ապրին նմանելու համար Յիսուսին, կանչուած են աշխարհի մէջ տարածելու Անոր հայեացքը, որ կարեկցութեան հայեացք է, որ կը փնտռէ հեռաւորը, որ չի դատապարտեր, այլ կը քաջալերէ, կ՛ազատէ ու կը մխիթարէ»։

«Սիմէոնին աչքերը տեսան փրկութիւնը, որովհետեւ զայն կը սպասէին։ Անոնք յոյսով լի աչքեր էին, որոնք լոյսը կը փնտռէին ու տեսան հեթանոսներուն լոյսը» յարեց ապա Սրբազան Պապը, նկատել տալով՝ որ «Նուիրեալ Անձերու հայեացքը չի կարող ըլլալ եթէ ոչ յոյսի հայեացք» ու թէ այդ մէկը կարելի է « եթէ Սիմէոնի եւ Աննայի նման ապրինք, միշտ Տիրոջ հետ յարաբերութեան մէջ»։

Ղուկաս աւետարանիչ կը գրէ. «Աննա մարգարէուհին տաճարէն բնաւ չէր հեռանար եւ գիշեր ցերեկ կը ծառայէր Աստուծոյ՝ պահքով եւ աղօթքով» (Ղուկ. 2,37)։ Ահա այս է գաղտնիքը, երբեք չի հեռանալ Տիրոջմէն,  որ յոյսի ակնաղբիւրն է։ Եթէ ամէն օր Տիրոջ չի նայինք ու զայն չի պաշտենք, կոյր կը դառնանք» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները գոհաբանելու զԱստուած կրօնաւորական կեանքի պարգեւին համար ու Անորմէ հայցելու նոր հայեցաք մը՝ որ գիտէ տեսնել շնորհքը ու գիտէ փնտռել մերձաւորը ու գիտէ նաեւ յուսալ։

«Այդ պահուն մեր աչքերը փրկութիւնը պիտի տեսնեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 18:15