Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Հինգշաբթի, 6 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիար Անրէժ Փլենքովիչը, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին գնահատուած են Վատիկանի եւ Խրուաթիոյ միջեւ գոյացուած երկկողմանի բարի  յարաբերութիւնները, խոստանալով առ աւելիով ամրապնդել երկու Պետութիւնները հետաքրքրող  կարգ բաժանմունքներէ ներս  համագործակցութիւնը:

 Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Եւրոպայի ապագային հայող մարտահրաւէրներուն, իսկ միջազգային գետնին վրայ քննարկուած են տարածաշրջանը եւ երկիր յուզող կարգ մը հարցեր որոնք շարքին, Պոսնիոյ եւ Էրզէկովինային մէջ Խրուաթիոյ ժողովուրդի կացութիւնը, գաղթականութեան խաղաղութիւն եւ անվտանգութեան հայող նիւթեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2020, 12:34