Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը Պարի քաղաքէն:

Մեր հովիւներուն սիրտերէն կը բարձրանայ կոչ մը՝ ուղղուած ներգրաւուած դերակատարներուն եւ միջազգային ընտանիքին որպէսզի դադրին զէնքերուն աղմուկը եւ լսելի դառնայ անպաշտպաններուն եւ փոքրիկներուն լացը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 23 փետրուարին, Պարի քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ըսաւ հետեւեալը «Մինչ հոս հաւաքուած ենք՝ աղօթելու եւ մտածելու խաղաղութեան եւ Միջերկրական ժողովուրդներու ճակատագիրներուն մասին, այս ծովուն  միւս կողմը, յատուկէն Սուրիոյ Հիւսիս արեւելքի մէջ, տեղի կ՝ունենայ մեծ ողբերգութիւն:

Ունկնդրէ լուրը

Մեր հովիւներուն սիրտերէն կը բարձրանայ կոչ մը՝  ուղղուած ներգրաւուած դերակատարներուն եւ միջազգային ընտանիքին,  որպէսզի դադրին զէնքերուն աղմուկը եւ լսելի դառնայ անպաշտպաններուն եւ փոքրիկներուն լացը եւ  որպէսզի մէկդի դրուի հաշուարկներն ու շահագրգռութիւնները,  պաշտպանելու համար քաղաքացիներուն ու  անմեղ մանուկներուն կեանքը:

Աղօթենք Տիրոջ որպէսզի ցնցէ սիրտերը եւ բոլորը կարենեան շրջանցել բախումի տրամաբանութիւնը,  ինչպէս նաեւ ատելութեան եւ ոխակալութեան տրամաբանութիւնը,  բացայայտելու համար  միակ Հօր եղբայրները, այն հայրը որ արեւը ծագիլ կու տայ  բարիներուն եւ քէշերուն վրայ:

Հայցենք Սուրբ Հոգիէն, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ առօրեայի մէջ սիրոյ ժեսթերէ սկսեալ նպաստէ նոր յարաբերութիւններ կառուցելու, ներշնչուած հիւրընկալութիւնէն,  համբերութենէն ու  հասկացողութենէն, եւ  այսպիսով պայմաններ ստեղծէ  փորձարկելու համար Աւետարանի ուրախութիւնն ու տարածումը՝ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս:

Սուրբ Կոյս Մարիամը ծովու աստղը, որուն մեր աչքերը կը սեւեռենք իբրեւ տիպար ամենամեծ հաւատարիմը Քրիստոսին ու Անոր խօսքին, թող օգնէ մեզի ընթանալու այս ուղիին վրայէն:

Առաջ որ Մարեմեան աղօթքը արտասանենք,  սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր եպիսկոպոսներուն,  որոնք մասնակցեցան  «Միջերկրական խաղաղութեան սահմանագիծ» հանդիպումին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որ տարբեր  ձեւերով աշխատեցան հանդիպումի  յաջողութեան համար: Շնորհակալ եմ բոլորին:

Նպաստեցէք եւ զարգացուցէք հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթը  որ յոյժ կարեւոր  է աշխարհի խաղաղութեան համար:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, որմէ ետք արտասանեց Մարեմեան աղօթքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2020, 12:14