Օր մոխրոցի թափօրը Օր մոխրոցի թափօրը 

«Յիշէ ով մարդ զի հող էիր եւ հող դարձիս» փետրուար 26-ին ըստ լատինաց օր մոխրոց է։

Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութիւն կատարելով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի 26 փետրուար 2020-ին ըստ լատինաց օր մոխրոց է, որով սկիզբ կ՛առնէ քառասնօրեայ Մեծ Պահքի շրջանը՝ նման Յիսուսին որ  երկրի վրայ իր առաքելութիւնը սկսելէ առաջ՝ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով 40 օրեր ապրեցաւ անապատին մէջ, ուր նաեւ փորձուեցաւ սատանայէն։

Ունկնդրէ լուրը

Հայ Եկեղեցւոյ մօտ մոխրոցի օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը։

Մոխրոց օրուան առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Քահանայապետը՝ Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, կը գլխաւորէ ''ապաշխարութեան'' թափօրը,  որ սկիզբ կ՛առնէ Ավենթինօ շրջանի Սանդ Անսելմօ  անուամբ եկեղեցիէն եւ կ՛ուղղուի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերուն, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։

''Ապաշխարութեան թափօրի'' աւարտին, Սանթա Սապինայի տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ մոխրոց օրհնութիւնը որ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող է եւ հող պիտի դառնայ''։

Սրբազան արարողութիւններուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկան կը վերադառնայ։

Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։ Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութիւն կատարելով։

Մոխրոց օրուան յաջորդ օրը՝ հինգշաբթի 27 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ Հռոմի կղերական դասին հետ միասին պիտի մասնակցի «ապաշխարութեան» արարողութեան, որուն սկիզբը՝ Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս կը ներկայացնէ  խորհրդածութիւն մը որմէ ետք տեղի արարողութեան  ներկայ գտնուող քահանաները կը մօտենան խոստովանանքի խորհուրդին, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը, որ իր կարգին խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ մի քանի քահանաներուն, ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 09:52