Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ յառաջանալ մեզի ցոյց տուած իր սիրոյ ճանապարհին վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յիսուս աշխարհ եկաւ ոչ միայն լրացնելու օրէնքը այլ նաեւ մեզի պարգեւելու իր շնորհքը, որպէսզի մենք կարողինք կատարել Աստուծոյ կամքը, սիրելով զինք ու մեր եղբայրները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 փետրուար 2020-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուց օրուան աւանդական խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս», ըսաւ Սրբազան Պապը,

Այսօրուան Աւետարանը, քաղուած Մատթէոս Աւետարանէն (Գլ5, 17-37) կը հայի լեռան քարոզին ու կը խօսի օրէնքի կատարման մասին։ Յիսուս կ՛ուզէ իր ունկնդիրները օգնել ուղիղ մօտեցում ունենալու Մովսէսի տուած պատուիրաններու նկատմամբ, յորդորելով տրամադիր ըլլալ Աստուծոյ, որ մեզ կը դաստիարակէ իսկական ազատութեան ու օրէնքի միջոցաւ պատասխանատուութեան։

Այս կը նշանակէ օրէնքը ապրիլ որպէս ազատութեան գործիք, որ մեզ կ՛օգնէ չենթարկուելու կիրքերու ու մեղքի ստրկութեան։  Երբ կը զիջինք փորձութեան ու կիրքերուն, կը դադրինք սեփական կեանքի տէրն ու դերակատարը ըլլալէ ու կը դառնանք  անկարող զայն մատակարարելու կամքով ու պատասխանատուութեամբ։

«Յիսուսին խօսքը կազմուած է չորս հակադրութիւններէ, որոնք կ՛արտայայտուին «Ձեզի ըսուած է….ես ձեզի կ՛ըսեմ» բանաձեւով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ այդ հակադրութիւնները կը հային կեանքի իրավիճակներուն՝ սպանութիւն, շնութիւն, ամուսնալուծում եւ երդումը։

Յիսուս չի ջնջեր այդ հարցերուն հայող օրէնքները, այլ կը բացատրէ անոնց խոր իմաստը ու ցոյց կու տայ զանոնք յարգելու ոգին։ Ան կը քաջալերէ օրէնքի պաշտօնական յարգանքէն անցնիլ էական յարգանքի՝ օրէնքը ընկալելով սրտին մէջ, որ  իւրաքանչիւրիս դիտաւորութիւններու, որոշումներու, խօսքերու եւ արարքներու  կեդրոնն է։ Սրտէն է արդարեւ որ սլացք կ՛առնեն ըլլայ բարի ըլլայ չար արարքները։

Աստուծոյ օրէնքը սրտին մէջ ընկալելով կը հասկնանք թէ երբ մեր մերձաւորը չենք սիրէր, որոշ ձեւով մենք մեզ եւ ուրիշները կը սպանենք, որովհետեւ ատելութիւնը, մրցակցութիւնն ու բաժանումը կը սպանեն եղբայրական սէրը, որ հիմքն է միջ-անձնական յարաբերութիւններուն։

Աստուծոյ օրէնքը սրտին մէջ ընկալելով կը հասկնանք որ իղձերը կարիքը ունին առաջնորդութեան, որովհետեւ կարելի չէ մեր բոլոր փափաքածները ունենալ, եւ լաւ չէ զիջիլ եսասէր ու սեփականատիրութեան զգացումներու։

Երբ Աստուծոյ օրէնքը կ՛ընկալենք մեր սրտին մէջ կը հասկնանք որ պէտք է հրաժարիլ կեանքի մը կենսակերպէն որ կազմուած է անյարգուած խոստումներէ, ու կը հասկնանք նաեւ հարկաւորութիւնը սուտ երդումներ ընելու փոխարէն անցնիլ բոլորովին երդում չընելու որոշումին, բոլորին հետ ունենալով անկեղծութեան վերաբերմունք։

Յիսուս սակայն գիտակից է որ դիւրին չէ ապրիլ  ու պահել Պատուիրանները ու ասոր համար մեզի կ՛առաջարկէ իր սիրոյն օգնութիւնը. Ան աշխարհ եկաւ ոչ միայն լրացնելու օրէնքը այլ նաեւ մեզի պարգեւելու իր շնորհքը, որպէսզի մենք կարողանանք կատարել Աստուծոյ կամքը, սիրելով զինք ու մեր եղբայրները։

Այս կը նշանակէ վստահիլ ու յանձնուիլ Անոր, ընդունիլ ձեռքը զոր ան մշտապէս մեզի կ՛երկարէ, որպէսզի անոր օգնութիւնը՝ լի բարութեամբ եւ ողորմութեամբ, աջակցի մեր ջանքերուն ու մեր յանձնառումին։  

Յիսուս այսօր մեզմէ կը խնդրէ յառաջանալ սիրոյ ճանապարհին վրայ զոր Ինք մեզի ցոյց տուաւ եւ որուն մեկնակէտը սիրտն է։ Այս է ճանապարհը որուն պէտք է հետեւիլ Քրիստոնէապէս  ապրելու համար։ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ՝ որպէսզի հետեւինք իր Զաւկին ճանապարհին, հասնելու համար իսկական երջանկութեան ու ամենուրէք տարածելու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2020, 12:08