Կարդինալ Կրէք Կարդինալ Կրէք 

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Կարիդնալ Փրոսփեր Քրէքի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Կարդինալ Քրէք, 94 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց երկուշաբթի, 30 յունուար 2019-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 2 յունուար 2020-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նախագահեց հանգուցեալ Փրոսփեր Քրէքի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Նշենք թէ կարդինալ Քրէք, 94 տարեկանին,  իր մահկանացուն կնքեց երկուշաբթի, 30 յունուար 2019-ին:  

Ան ,ծնած էր Մալթա ՝ 24 դեկտեմբեր 1925 թուականին: 1943-ին մաս կազմած է  Ակոսթինենաներուն միաբանութեան  եւ որպէս Աստուածաբան  հեղինակած է տարբեր լեզուներով  աստուածաբանական գիրքեր եւ ստորագրած է անթիւ յօդուածներ ազգային եւ միջազգային գիտական զանազան հեղինակաւոր պարբերաթերթերուն մէջ:

Երջանկայիշատակ ծիրանաւորը, Աստուածաբանութեան դասատու եղած է նաեւ Քահանայապետական տարբեր համալսարաններուն մէջ եւ որպէս խորհրդատու անդամ էր Սուրբ Աթոռին հաւատոյ համաժողովին: 

Նշենք նաեւ, Կարդինալ Քրէքի մահուան ի լուր, երեքշաբթի,  31 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրով մը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց  ծիրանաւորին մահը ողբացողներուն ու անոր  բոլոր սիրելիներուն:

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը  բարձր գնահատած է ծիրանաւորին քրիստոնէական շօշափելի  վկայութիւնը,  ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս նոր սերունդներուն եւ յատուկէն քահանաներուն կազմաւորման ծիրէն ներս տածած աշխատանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր արժեւորած ու գնահատած է Կարդինալ Քրէքին,  Հռոմի եւ միջազգային այլ համբարաններէն ներս մատուցած ծառայութիւնները , յատուկէն Հաւատոյ համաժողովին եւ քահանայապետական Աստուածաբանական եւ Սուրբ Գիրքի Յանձնախումբի համաժողովներէն ներս:

Յայտնենք թէ Կարդինալ Կրէքի մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 223 կարդինալներ. 124 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներ  եւ 99 ոչ իրաւունք ունեցող:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2020, 11:28