Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Քաղաքակիրթ ընկերութիւն մը կը պայքարի մնացորդացի մշակոյթի դէմ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հաւատոյ ժողովի անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հաւատոյ ժողովին տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով, հինգշաբթի, 30 յունուարին, Վատիկանի մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ժողովին անդամները՝ գլխաւորութեամբ հաւատոյ ժողովի կառավարիչին:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ ժողովի անդամներուն տիեզերական եկեղեցւոյ,  Հռոմի եպիսկոպոսին եւ աշխարհի համայն եպիսկոպոսներու  մատուցած ծառայութիւններուն համար՝ կաթողիկէ վարդապետութեան ու  հաւատքի  զարգացման նպատակաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը խիստ եւ ներփակ համակարգ մը չէ, ոչ իսկ գաղափարապաշտութիւն, որ փոփոխութեան կ՝ենթարկուի՝ եղանակներուն հոլովոյթին,  ան շեշտեց որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը  զօրութենական  իրականութիւն է, որ հաւատարիմ մնալով իր հիմքին,   կը վերանորոգուի սերունդէ սերունդ եւ իր ամփոփումը կը գտնէ դիմագիծի մը ներքեւ, անունի,  մարմինի մը  մը ներքեւ որ է  Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը:

Նորին Սրբութիւն ապա բարձր արժեւորելով հաւատոյ ժողովին տածած աշխատանքները  անդրադարձ կատարեց ժամանակից ընկերայ- մշակութային իրավիճակին նշելով, որ  այսօր , մարդկային կեանքը   գնահատուած է արդիւնաւէտութեան եւ օգտակարութեան համաչափերով: այն բոլոր մարդկային կեանքերը որոնք չեն համապատասխաներ ժամանակից աշխարհի չափանիշերուն մեկուսացումի ենթարկուած են ու նկատուած անարժէք կեանքեր:  Ֆրանչիսկոս Պապ   հրամայական  նկատեց   հարազատ արժանիքներուն պաշտպանութիւնն ու զօրակացական եւ եղբայրական մարդկային պարտականութիւնները:

Ան նշեց որ ընկերութիւն մը քաղաքավար տիտողի կ՝արժանանայ  այն ժամանակ երբ մնացորդացի մշակոյթի դէմ հակաթոյները կը զարգանան, երբ կը ճանչցուի մարդկային կեանքի արժանիքը,  եւ երբ իբրեւ համակեցութեան հիմք կիրակուած ու պաշտպանուած է՝  զօրակցութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ հիւանդներուն խնամք տանելու նիւթի մասին կեդրոնանալով մահուան սեմին գտնուող հիւանդներուն վրայ: Ան  նշեց  որ եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է վերաշարադրել տառապողներուն խնամք տանելու ու անոնց  ցաւերը իր  ուսերուն վրայ առնելու քերականութիւնը, նկատել տալով որ բարի Սամարացիին օրինակը  դաս է այն իրողութեան, որ պէտք  սիրտի նայուածք դարձի բերել, որ շատ անգամ չգիտեր նայիր: Ան, որ գթասիրտ սիրտ մը ունի ինքզինք ներգրաւուած կը զգայ կ՝անգ կառնէ,  ապա կը խնամէ ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ան շարունակելով խօսիլ մահուան սեմին գտնուող ծանր հիւանդներուն խնամք տանելու կարեւորութեան մասին, մէջբերեց Սրբուհի Թերեզա Քալքութայի խօսքը , «ան, որ իր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, նոյնիսկ մէկ մը մոմ վառէ մարդու մը խաւար կեանքի պահուն , այդ անձին  կեանքը ապարդիւն պիտի չըլլայ: Այս կապակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց մահուան սեմին գտնուող հիւանդներուն  յատուկ կեդրոններու համար ,մաղթելով որ այդ կեդրոններուն մէջ շարունակուին  կիրարկուիլ արժանավայել բուժում, խթանելով կեանքի հանդէպ սէրն ու յարգանքը:

Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ հաւատոյ ժողովի կանոնադրութեան վերատեսումի աշխատանքները,  շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովի անդամներուն ու համագործակիցներու  տածած թանկարժէք աշխատանքներու համար,  Աստուածային օրհնութիւնները հայցեց բոլորին վրայ  խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2020, 13:00