Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 1 յունուարի՝ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը:

Մանուկ Յիսուսը Աստուծոյ օրհնութիւնն է իւրաքանչիւր այր մարդու եւ կնոջ ինչպէս նաեւ համայն աշխարհին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 1 յունուարին,  Սուրբ Պետրոսին տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, կէսօրին, աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած սիրտի խօսքին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ 2019 տարուան բոլոր պարգեւներուն համար , յորդորելով որ 2020 տարին սկսինք միեւնոյն երախտագիտութեան կեցուածքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ տարուան առաջին օրը նուիրուած է Աստուածամօր ծիսական տօնին, Նազարէթի Սուրբ Կոյսին. որ  ծնաւ Յիսուսը, փրկիչը։ Այդ մանուկը Աստուծոյ օրհնութիւնն է իւրաքանչիւր այր մարդու եւ կնոջ, համայն աշխարհին:  Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց որ մեր հայեացքը սեւեռենք Աստուածամօր ու անոր Որդիին։ Յիսուս օրհնութիւնն է բոլոր անոնց, որոնք ընկճուած են ստրկութեան,  բարոյական եւ նիւթական լուծէն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր  վար իջնենք մեր հպարտութեան պատուանդաններէն եւ խնդրենք Աստուածամօր օրհնութիւնը։ Ան մեզի Յիսուսը ցոյց կու տայ։ Թոյլ տանք որ Ան օրհնէ մեզ եւ մեր սիրտը բանանք իր բարութեան։ Այսպէս նոր տարին պիտի հանդիսանայ յոյսի եւ խաղաղութեան ուղեւորութիւն, ոչ թէ խօսքերով այլ առօրեայ՝ երկխօսութեան ժեսթերու միջոցաւ»։

Յայտնենք, թէ Մարեմեան աղօթքի առթիւ կատարած խորհրդածութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ներողութիւն խնդրեց երէկ՝ երեքշաբթի, 31 դեկտեմբերին, պատահած դէպքին համար:  31 դեկտեմբերին երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Գոհաբանական Սուրբ Պատարագի աւարտին փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ողջունելու համար հոն համախմբուած հաւատացեալները:

Նորին Սրբութիւնը  կարգ մը հաւատացեալներ բարեւելու ժամանակ, յանկարծ  հաւատացեալ կին մը Նորին Սրբութեան ձեռքը քաշեց զինք բարեւելու համար: Ֆրանչիսկոս Պապ յանկարծակի գալով,  կնոջ ձեռքին մեղմ հարուած մը տուաւ:

«Ներողութիւն կը խնդրեմ երէկ պատահած դէպքին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2020, 13:00