Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ Սուրբ Պատարագ 

«Աստուծոյ Խօսքը կը լուսաւորէ մեր խաւարները» Քահանայապետին քարոզը «Աստուածային Խօսքի» նուիրուած կիրակիին առթիւ։

Քահանայապետը հրաւիրեց տեղ տալու Աստուծոյ Խօսքին։ Ամէն օր կարդալու Աստուածաշունչէն հատուած մը։ Սկսելով Աւետարանէն։ Զայն բաց պահելով մահճակալի սեղանին վրայ, մեր գրպանին մէջ, կամ բջիջային հեռաձայններու մէջ, թոյլ տալով ան մեզ ներշնչէ ամէն օր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուս սկսաւ քարոզել (Մատթէոս 4, 17)։ Այսպէս է որ Մատթէոս Աւետարանիչը ներկայացուց Յիսուսին առաքելութիւնը։ Ան որ Աստուծոյ Բանն է, եկաւ մեզի խօսելու՝ իր խօսքերով ու կեանքով» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ կիրակնօրեայ քարոզին՝ զոր Ան արտասանեց Սուրբ Պետրոսի աւագ Խորանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կիրակի 26 Յունուար 2020-ի առաւօտեան, Աստուածային Խօսքի կիրակիին նուիրուած օրուան առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս Աստուածային խօսքի առաջին կիրակիին առթիւ երթանք դէպի քարոզութեան սկիզբը՝ Կեանքի Խօսքի ակնաղբիւրը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «այդ ուղղութեամբ մեզ  կ՛օգնէ օրուան աւետարանը (Մատթէոս4, 12-23)  որ մեզի կ՛ըսէ թէ՝ ի՞նչպէս, ո՞ւր եւ որո՞ւ Յիսուս սկսաւ քարոզել։

Ի՞նչպէս սկսաւ։ Պարզ նախադասութեամբ. «Ապաշխարեցէք որովհետեւ մօտ է երկնքի արքայութիւնը (Մտթ. 4, 17)։ Այս է անոր բոլոր ճառերուն հիմքը՝ մեզի ըսել որ մօտ է երկնքի արքայութիւնը։ Երկնքի արքայութեամբ կը հասկնանք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, այսինքն անոր մեզի հանդէպ վերաբերմունքը։ Ուստի Յիսուս մեզի ըսելով  որ մօտ է երկնքի արքայութիւնը, կ՛ըսէ որ Աստուած է որ մօտ է։ Այս է նորութիւնը՝ առաջին պատգամը. Աստուած հեռու չէ, Ան որ կը բնակէր երկնքի մէջ՝ իջաւ երկիր, մարդեղացաւ։ Վերացուց արգելքները, ջնջեց տարածքները։ Մենք չէ որ արժանացանք անոր։ Ան է որ եկաւ մեզի հանդիպելու։

Ուրախութեան պատգամ մըն է. Աստուած եկաւ մեզի այցելելու անձնապէս, մարդեղանալով։ Ան մեր մարդկային իրավիճակը որդեգրեց սիրոյ համար։ Որովհետեւ մեզ կը սիրէ եւ կ ՛ուզէ ձրիաբար մեզի պարգեւել փրկութիւնը, զոր առանձին կարող չենք ձեռք բերել։ Ան կ՛ուզէ մեր հետ ըլլալ, մեզի պարգեւել ապրելու գեղեցկութիւնը, սրտի անդորրութիւնը եւ ուրախութիւնը ներում ընդունելու եւ սիրուելու։

Այսպէս է որ կը հասկնանք Յիսուսին հրաւէրը «ապաշխարեցէք՝ այսինքն ձեր կեանքի ընթացքը փոխէք։ Ձեր անձին համար ապրելու ժամանակը վերջացած է ու սկսած է Աստուծոյ համար ապրելու ժամանակը, ուրիշներուն հետ ու անոնց համար, սիրով ու սիրոյ համար։

Ասոր համար է որ Տէրը մեզի կը պարգեւէ իր Խօսքը, որպէսզի զայն ընկալենք, որպէս մեզի համար գրուած սիրոյ նամակ մը։ Անոր Խօսքը մխիթարիչ ու քաջալերող է, ու կը մղէ դարձի, մեզ ազատելով եսասիրութեան անդամալուծութենէն։ Որովհետեւ Անոր խօսքը իշխանութիւն ունի փոխելու կեանքը ու մեզ առաջնորդելու խաւարէն դէպի լոյս։

Ո՞ւր։ Յիսուս իր քարոզութեան սկիզբ տուաւ Գալիլեայէն որ նկատուած էր զանազան ժողովուրդներու, լեզուներու ու մշակոյթներու խառնոյթով շրջան մը՝ խաչմերուկ մը։ Այնտեղ կային ձկնորսներ, վաճառականներ, օտարականներ, հեռու այն ընտրեալ ժողովուրդի կրօնական եւ բիւրեղ միջավայրէն։

Եւ Յիսուս քարոզութիւնը սկսաւ այդ արուարձանէն։ Որովհետեւ փրկարար Խօսքը չ՛երթար ապահով ու բիւրեղացած վայրեր. Ան յառաջ կու գայ մեր բարդութիւններէն, մեր խաւարներէն եւ այսօր եւս Աստուած կ՛ուզէ այցելել վայրեր ուր կը կարծենք թէ Ան չի հասնիր։

Աւետարանը արդարեւ կը նշէ որ «Յիսուս Գալիլիոյ բոլոր կողմերը կը շրջէր, հռչակելով աւետարանը ու բժշկելով ժողովուրդին բոլոր, հիւանդութիւններն ու ցաւերը» (Համար 23); Ան նոյնպէս վախ չունի մեր սրտերուն մէջ ներթափանցելու։ Ան գիտէ թէ միայն իր ներումն է որ կարող է  բուժել զմեզ։ Անոր բանանք մեր ճանապարհները ու թոյլ տանք որ Անոր Խօսքը մուտք գործէ։

Ի վերջոյ որուն քարոզեց Յիսուս։ Աւետարանը կը նշէ որ մինչ Յիսուս Գալիլիայ ծովեզերքը կը շրջէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, որոնք ձկնորսներ էին ու անոնց ըսաւ «ետեւէս եկէք եւ ես ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ» (Մատթ. 4, 18-19)։

Յիսուսի կոչին առաջին հասցէատէրերը եղան ձկնորսներ ու ոչ թէ յատուկ ձիրքերով մարդիկ կամ աստուածավախ ու աղօթքի մարդիկ։

Անոնց հետ խօսելով Յիսուս կը գործածէ անոնց հասկնալի ոճ մը։ «Ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ», ըսելով ան զանոնք կը կոչէ իրենց կեանքին իրականութեան մէջ, որպէսզի զանոնք ներգրաւէ իր առաքելութեան մէջ։ «Անոնք առ այդ անմիջակէս կը թողուն ուռկանները ու հետեւեցան Անոր» կը նշէ Աւետարանը։ Անմիջապէս։ Որովհետեւ անոնք գրաւուած էին ոչ թէ Յիսուսին հրամանէն, այլ անոր սերէն։

Յիսուսին հետեւելու համար բաւարար չեն բարի յանձնառումները, հարկաւոր է ամէն օր լսել անոր կոչը, միայն Ինք՝ որ մեզ կը ճանչնայ. կարող է մեզի տանիլ կեանքի ծովուն բացերը։ Այնպէս ինչպէս ըրաւ զինք ունկնդրող աշակերտներուն հետ։

«Ասոր համար մենք կարիքը ունինք Անոր Խօսքին. Կարիքը ունինք ունկնդրել զայն առօրեայի հազարաւոր խօսքերու ընդմէջէն, որովհետեւ Անոր խօսքը չի խօսիր իրերու մասին այլ կեանքի մասին» ըսաւ Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները տեղ տալու Աստուծոյ Խօսքին։ Ամէն օր կարդալու Աստուածաշունչէն հատուած մը։ Սկսելով Աւետարանէն։ Զայն բաց պահելով  մահճակալի սեղանին վրայ, մեր գրպանին մէջ, կամ բջիջային հեռաձայններու վրայ, թոյլ տալով ան մեզ ներշնչէ ամէն օր։

Եւ պիտի բացայայտենք որ Աստուած մեզի մօտիկ է, կը լուսաւորէ մեր խաւարները, ու սիրով մեզ կ՛առաջնորդէ՝ մեր կեանքին բացերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2020, 11:15