Աստուածայայտնութեան տօն Աստուածայայտնութեան տօն 

Յունուար 6ը՝ Աստուածայայտնութեան տօնը Վատիկանի մէջ։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է նաեւ «Կեցցէ Պէֆանան (խորհրդաւոր պառաւ)» աւանդական ձեռնարկը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 Յունուարին` հայոց մօտ Յայտնութեան տօնին Ճրագալոյցն է։ Իսկ 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` գացին Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուռս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ պիտի  մատուցանէ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, ապա կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն պիտի արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, կը հանդիսանայ ծիսական գլխաւոր 5 մեծ տօներէն մին, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող արարողութիւնը՝ Ջրօրհնէք (կամ Խաչը ջուրը նետել)։

Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը այդ օրհնուած ջուրէն մաս մը տուն կը տանի, որպէսզի օգտագործէ հիւանդութեանց ու անյաջողութեանց դէմն առնելու համար։

Նշենք թէ  մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է նաեւ «Կեցցէ Պէֆանան (խորհրդաւոր պառաւ)» աւանդական ձեռնարկը որուն առթիւ շեփորախումբեր, ֆոլքլորի եւ աւանդական զգեստներով խումբեր, կը համախմբուին ''Քասթել Սան Անճէլօ'' դղեակին տակ, ապա Բեթղեհէմի Մոգերը ներկայացնող դերասաններու ընկերակցութեամբ, տողանցք կը կատարեն, ուղղուելով դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր կէսօրին` ներկայ կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ու Քահանայապետին կը տանին Աստուածայայտնութեան տօնը խորհրդանշող նուէրները։

Այս տարի 35-րդ փուլին հասած ''Վիվա լա Պէֆանա - Կեցցէ Պեֆանան'' տօնախմբութիւնը նախաձեռնուած է «Եւրոպայի ընտանիքներ»՝ կազմակերպութեան ջանքերով համագործակցութեամբ այլ հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու։

Սոյն աւանդական տօնախմբութիւնը սկիզբ առած է 1985 թուականին, երբ խումբ մը ծնողներ ու դպրոցի, մարզանքի, մշակոյթի եւ ընկերային մարզի ներկայացուցիչներ որոշեցին դիմել հրապարակային մէկ ձեռնարկի համոզելու համար կառավարութիւնը որպէսզի Աստուածայայտնութեան տօնը ճանչնայ որպէս տօնական օր։ Հռոմի վրայ տեղացած բացառիկ ձիւնամրրիկ մը սակայն չեղեալ նկատել կու տայ ձեռնարկը։

Այսուհանդերձ անոր կազմակերպողները 1986-ի Յունուարի վեցին աւելի մեծ թափով եւ աւելի մեծ թիւով ժողովուրդի մասնակցութեամբ կ՛իրականացնեն ձեռնարկը ու այդ օրէն սկսեալ ոչ միայն այդ տօնը կը դառնայ պաշտօնական տօնական օր՝ այլ ի տես ժողովրդային մասնակցութեան կազմակերպիչները կը մղուին զայն դարձնելու աւանդութիւն, որպէսզի այդ տօնական օրին խորհուրդի իմաստը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2020, 10:05