Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք։ «Ահա Գառն Աստուծոյ. Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը։

Մինչ այլ կրօններու մէջ մարդն է որ զոհ կը մատուցէ Աստուծոյ, Յիսուսին հետ Աստուած է որ իր Միածին Որդին կը նուիրէ մարդկութեան՝ անոր փրկութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յունուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը՝ մեկնաբանելով Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումը, ուր Յովհաննէս Մկրտիչը կը վկայէ Յիսուսի աստուածութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս կիրակին կը գտնուի Յայտնութեան ու Յիսուսի Մկրտութեան տօնի շարունակականութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով որ աւետարանական ընթերցումը (Յովհաննէս 1, 29 -34) կը շարունակէ մեզի խօսիլ Յիսուսի Յայտնութեան մասին։

Յիսուս մկրտուելէ ետք Յորդանան գետին մէջ, օծուեցաւ Սուրբ Հոգիով, որ զինք հռչակեց Աստուածորդի։ Յովհաննէս Աւետարանիչ, ի տարբերութիւն միւսներէն, չի խօսիր այդ իրադարձութեան մասին, այլ մեզի կ՛առաջարկէ  Յովհաննէս Մկրտիչի  վկայութիւնը։ Ան արդարեւ եղաւ Քրիստոսի առաջին վկան։ Աստուած ասոր համար  կոչած ու պատրաստած էր զայն։

Յովհաննէս Մկրտիչ արդարեւ կը յայտնէ «ես տեսայ եւ վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ Ան ականատես եղաւ ցնցող մէկ իրականութեան։ Մինչ այլ կրօններու մէջ մարդն է որ զոհ կը մատուցէ Աստուծոյ,  Յիսուսին հետ Աստուած է որ իր Միածին Որդին կը նուիրէ մարդկութեան՝ անոր փրկութեան համար։ Ահա այս է Յովհաննէս Մկրտիչը ցնցող իրականութիւնը, որուն համար ան կը բացագանչէ «Ահա է Աստուծոյ գառնուկը որ իր վրան կ՛առնէ Աշխարհին մեղքերը» (Յովհ. 1,29)։

«Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը մեզ կը հրաւիրէ մշտապէս վերսկսելու մեր հաւատքի ուղեւորութիւնը, վերսկսիլ Յիսուս Քրիստոսէն, ողորմութեամբ լի Գառնուկը որ Հայրը մեզի նուիրեց» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց «Թոյլ տալ դարձեալ զարմանքի մատնուիլ Աստուծոյ կատարած ընտրանքէն, որ ուզեց մեր կողքին ըլլալ, մեղաւորներուն հետ զօրակից, ու աշխարհը ազատել չարէն իր վրայ առնելով այդ բեռը»։

«Խոկանք սրտով ու թոյլ տանք որ Սուրբ Հոգին մեզ դաստիարակէ, որովհետեւ Ան է որ մեզի կ՛ըսէ. «Ան Գառնուկ դարձած Աստուածորդին է, որ ինքզինք նուիրեց սիրոյ համար։ Ինք եւ միայն Ինք, իր վրայ կրեց, տառապեցաւ, ու քաւեց աշխարհի եւ իմ մեղքերս։ Եւ այս ըրաւ այն միտումով որ մենք ըլլանք ազատ ու ոչ թէ ստրուկ չարին»։

«Այո՛ տակաւին աղքատ ու մեղաւոր ենք, սակայն ոչ թէ ստրուկներ, այլ զաւակներ, Աստուծոյ զականեր», ըսաւ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյսի հովանին, որպէսզի մեզի համար ընդունի ուժը՝ վկաներ դառնալու իր Զաւկին՝ Յիսուսին, ու զայն հռչակելու ուրախութեամբ, չարէն ձերբազատուած կեանքով մը, ու հաւատքով լի խօսքերով» յարեց ապա Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2020, 12:10