Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

5 Յունուարի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շեշտեց խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։

Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ զգալի է լարուածութեան սարսափելի սրացումը։ Պատերազմը միայն կործանում եւ մահ կը բերէ։ Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմներուն վառ պահելու երկխօսութեան եւ զսպուածութեան բոցը զերծ մնալու համար թշնամութեան ստուերէն։ Լռութեամբ աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզի այդ շնորհքը պարգեւէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 Յունուար 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, եւ այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, որոնք, ըսաւ Ան, մեզ կ՛օգնեն մեր հայեացքը աւելի ընդլայնելու ու աւելի լաւ ըմբռնելու Յիսուսի Ծննդեան իմաստը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Յովհաննէսի աւետարանիչէն քաղուած «Սկիզբէն էր Բանն, եւ Բանն Աստուծոյ քովն էր եւ Բանն Աստուած էր» խօսքը Քահանայապետը նշեց թէ ամենէ խորհրդաւոր իրողութիւնը այն է թէ այդ յաւիտենական Բանը որ սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր եւ որմով ամէն ինչ ստեղծուեցաւ, մարդեղացաւ։ Ան ոչ միայն եկաւ բնակելու իր ժողովուրդին մէջ, այլ մաս կազմեց այդ ժողովուրդին։

«Յիսուս Քրիստոսի գալուստով մեզմէ իւրաքանչիւրս  նախասահմանուած է ըլլալու Աստուծոյ զաւակ, որովհետեւ ասոր համար է որ յաւիտենական Զաւակը մարդեղացաւ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց հաւատացեալները՝ «մինչ կը յարատեւեն  խոկալով Մսուրի վրայ, իրազեկ դառնալու որ Քրիստոսի աւետարանը հեքիաթ կամ առասպել մը չէ, այլ մարդու եւ աշխարհի նկատմամբ Աստուծոյ ծրագրի ամբողջական յայտնութիւնն է։

«Ան պատգամ է որ մեզի հարցադրել կու տայ ո՞րն է Տիրոջմէ ինծի վերապահուած ծրագիրը։  Եւ այդ հարցումին պատասխանը կու գայ Պօղոս առաքեալէն. «Աստուած մեզ ընտրեց որպէսզի սուրբ ըլլանք»…«Այս է արդարեւ Սուրբ Ծննդեան իմաստը» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Եթէ Տէրը կը շարունակէ մեզի գալ ու մեր մէջ բնակիլ ու եթէ Ան կը շարունակէ մեզի ընծայել Բանը՝ այս մէկը կ՛ընէ որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս կարողանայ համապատասխանել սիրոյ մէջ սուրբ ըլլալու կոչումին»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ դիտել տուաւ որ սրբութիւն կը նշանակէ պատկանիլ Աստուծոյ, Անոր հետ հաղորդութեան մէջ մտնել, կը նշանակէ պահել եւ պահպանել մեզի պարգեւուած շնորհքները, եւ այն որ իր մէջ կ՛ընկալէ սրբութիւնը որպէս շնորհքի պարգեւ, չի կրնար զայն առօրեայի արարք չի դարձնել։

«Այդ սէրը, մերձաւորի նկատմամբ ողորմութիւնը, որ Աստուծոյ սիրոյն ցոլացումն է, կը մաքրագործէ մեր սիրտը ու մեզ կը պատրաստէ ներումին, մեզ ամէն օր աւելի անարատ դարձնելով ու մեզ միշտ աւելիով հեռացնելով  մեղքէն ու միացնելով Աստուծոյ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնութիւնը որպէսզի  ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ընկալենք աստուածային սիրոյ ծրագիրը՝ որ իրականացուած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Կոչ խաղաղութեան

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները Քահանայապետը ըսաւ.

Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ զգալի  է լարուածութեան սարսափելի սրացումը։ Պատերազմը միայն կործանում եւ մահ կը բերէ։ Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմներուն վառ պահելու երկխօսութեան եւ զսպուածութեան բոցը զերծ մնալու համար թշնամութեան ստուերէն։ Լռութեամբ աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզի այդ շնորհքը պարգեւէ։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա  տարւոյն այս առաջին կիրակիին առթիւ վերանորոգեց Տիրոջ մէջ խաղաղութեան եւ անդորրութեան բարի մաղթանքները, ու հրաւիրեց՝ ըլլայ դժուար, ըլլայ ուրախալի պահերուն, ապաւինիլ Քրիստոսին՝ որ մեր յոյսն է։

Քահանայապետը յիշեցուց նաեւ Խաղաղութեան նուիրուած Նոր տարուան օրուայ յանձնառումը. Խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւն, երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ բնապահպանական դարձ։

«Աստուծոյ շնորհքով կարող կ՛ըլլանք զայն ի գործ դնել» ըսաւ Ան ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար եւ ժամադրութիւն տուաւ վաղուայ՝ Յայտնութեան տօնին։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2020, 12:10