Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոնդակով մը վերացուց «քահանայապետական գաղտնիք»ը

Սրբազան Պապի այս վերջին տնօրինումին իբր հետեւանք կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցական ատեաններու մէջ գործածուած վկայութիւնները օգտագործել նաեւ քաղաքային պաշտօնէութիւններու առջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոնդակով մը վերացուց այսպէս կոչուած «քահանայապետական գաղտնիք»ը, որ կը հայի քահանաներու կողմէ կատարուած չարաշահումներու քննարկումին։ «Քահանայապետական գաղտնիք» բացատրութիւնը կը գործածուի այն խիստ գաղտնապահութեան համար, որ նախատեսուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւական եւ վարչական գործընթացներու համար, ինչպէս զոր օրինակ՝ եպիսկոպոսներու ընտրութեան պարագային։ Այս կանոնի պատճառն է անհատականութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապի այս վերջին տնօրինումին իբր հետեւանք կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցական ատեաններու մէջ գործածուած վկայութիւնները օգտագործել նաեւ քաղաքային պաշտօնէութիւններու առջեւ։ Ապա նաեւ աշխարհական կանոնագէտներ իրաւունք պիտի ունենան իբր փաստաբաններ մասնակցելու չարաշահումի դատերու։ Այս իրաւունքը ցարդ վերապահուած էր քահանաներու։

Ֆրանչիսկոս Պապ որոշում կայացուցած է, թէ 18 տարեկանէն վար մանուկներ ընդգրկող պոռնկագրական նիւթերու իւրացումը եւ տարածումը կը նկատուի ծանրագոյն յանցանքներու կարգին։ Այսպիսի ծանր յանցագործութիւններու (graviora delicta) քննարկումը կʼիյնայ Հաւատոյ Տարածման Ժողովի իրաւասութեան տակ։ Անցեալին յիշեալ պարագայի տարիքի սահմանը 14 էր։

Երեքշաբթի օր հրապարակուած առաջին կոնդակին մէջ կը յիշուի, թէ Սրբազան Պապը արդէն 4 դեկտեմբերին որոշած էր «քահանայապետական գաղտնիքը» վերացնել։ «Քահանայապետական գաղտնիքը» կը հայի բռնութեան եւ սեռային արարքներու, որոնք կը գործուէին սպառնալիքով կամ հեղինակութեան չարաշահումով, անչափահասներու եւ պաշտպանութեան կարօտ անձերու չարաշահումի, մանուկներ ընդգրկող պոռնկագրութեան ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներու կամ վանական հաստատութիւններու մեծաւորներու կողմէ չարաշահումի խնդիրներու քօղարկումի պարագաներուն։ Այս ոճիրները յիշուած էին Քահանայապետի վերջին «Vos estis lux mundi» վերջին ինքնաբուխ գիրին մէջ։

Չարաշահումի պարագաներու տուեալները ապագային եւս այնպէս պիտի քննարկուին, որ յարգուի խնդրոյ առարկայ անհատներու արժանապատութիւնը եւ սեփական ոլորտը, ինչպէս կը նախատեսէ եկեղեցւոյ օրինագիրքը։ Սակայն եկեղեցական իշխանութիւնը ազատ չի կացուցաներ այն պարտականութիւններէն որոնք հաստատուած են պետական օրէնքներու մէջ, ինչպէս՝ չարաշահումի արարքներու հաղորդում պատկան իշխանութիւններուն։ Կոնդակը կը տնօրինէ նաեւ, որ ապագային եկեղեցական դատերու ընթացքին տուեալներ հաղորդողներ, զոհեր եւ վկաներ «չեն պարտադրուիր լռել»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր այս տնօրինումներով կʼընդառաջէ մասնագէտներու եւ եպիսկոպոսներու փափաքին, որ արտայայտուած էր փետրուարին՝ մանուկներու պաշպանութեան համագումարի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 13:09