Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնները. Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնները. 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի ճամբորդութիւնները. Աշխարհի ճանապարհներու վրայ ընթացող Քահանայապետութիւն։

2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական միջազգային 7 ճամբորդութիւններ կատարեց այցելելով 11 եկիրներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի փոխ տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի երկուշաբթի 23 դեկտեմբեր 2019-ին հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին 2019 տարուան ընթացքին կատարած ճամբորդութիւններու մասին յօդուած մը,  որուն սկիզբը մէջբերած է Քահանայապետին 8 Յունիսին խումբ մը երիտասարդներուն ըրած խոստովանութիւնը՝  «թէ ինք չի սիրեր ճամբորդել»։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ, կը գրէ Տիար Ճիզոթթի, յայտնի է թէ երբ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն  Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր հազուագիւտ հեռացած է իր թեմէն, ու քիչ անգամ միջազգային ճամբորդութիւններ կատարած է՝ որոնք  ընդհանրապէս զինք մղած են Լատին Ամերիկեան շրջան կամ  Հռոմ,  մասնակցելու համար սիւնհոդոսներու կամ Կարդինալական Ժողովներու։  Ան սակայն, դիտել կու տայ Ճիզոթթի, կենդանի պահեց ճամբորդողի հոգին, որ միսիոնարներու հոգին է, որով երիտասարդ տարիքին անոր երազել կու տար մեկնիլ Ճափոն Սուրբ Ֆրանչեսքօ Սավերիոյի հետքերուն վրայ։ Երազ մը որ իրականացուց այս տարի՝ այցելելով Ճափոնը։ Ի դէպ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը երբեք անշարժ չէր մնար, եւ ծայրէ ծայր այցելած է իր հսկայական թեմը, օգտագործելով հանրային փոխադրամիջոցներ։

Շրջուն եպիսկոպոս մը, որ երբ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւ կը դառնայ, կը զգայ թէ այժմ իր Թեմը աշխարհն է, ու թէ հարկաւոր էր այժմ եւս ուղեւորութեան մէջ դնել ինքզինք, հանդիպելու համար մարդոց եւ մօտէն ծանօթանալու իրողութիւններուն, որպէս կեդրոն ընտրելով արուարձանեայ վայրեր, որտեղէն ան կը քաղէ նոր գործընթացքներու եւ աւետարանութեան աւիշը։

Շրջուն Քահանայապետութիւն մը՝ որ 2019-ին ընդգրկեց 4 ցամաքամասեր ու 11 երկիներ 7 միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին, որոնց առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց միսիոներականութեան չափանիշը, ու դէպի դուրս եկեղեցի մը ըլլալու հարկաւորութիւնը՝ Բարի Լուրը տանելու համայն աշխարհին, որպէսի եւ ոչ մէկ ազգ զրկուած մնայ Աստուծոյ Խօսքէն։

Եօթը ճամբորդութիւններուն վերընթերցումը կատարելով կը հանդիպինք Պերկոլիօ Քահանայապետի հովուական գործողութեան մեծ հանգոյցներուն. Երիտասարդները՝ ԵՀՕ առթիւ Փանամա կատարած ճամբորդութեան մէջ, միջ կրօնական երկխօսութիւնը Արաբական Էմիրութիւններ եւ Մարոք կատարած ճամբորդութիւններուն առթիւ, Համամիութենական երկխօսութիւնը՝ Պուլկարիա,  Մակեդոնիա եւ Ռումանիա ճամբորդութեան ծիրէն ներս,  ապա բնապահպանութիւնը ու աղքատներուն հոգատարութիւնը Մոզամպիք, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած ճամբորդութիւններուն առթիւ, եւ ի վերջոյ խաղաղութիւնը ու մանուկներու եւ կիներու իրաւունքներուն խթանումը՝ Ասիական ցամաքամասի երկու ճամբորդութիւններուն մէջ՝ Թայլընտ եւ Ճափոն։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր այս ճամբորդութիւններով լոյս կը տանի աշխարհի այն անկիւններուն ուր զանգուածային լրատուամիջոցները դժուարութեամբ կ՛երթան։ Եւ այդպէս է որ հանդիպումի  մշակոյթին դիմաց ճամբայ կը բացուի։

Ճամբորդութիւններ որոնք կը տեւեն այցելութեան ժամանակահատուածէն անդին, ոչ միայն իրեն համար այլ նաեւ բոլոր անոնց համար որոնց կը հանդիպի։

Արդարեւ Ան անգամ մը խոստովանեցաւ որ իր սրտին մէջ կը կրէ բոլոր մարդիկը որոնց կը հանդիպի ճամբորդութիւններու ընթացքին ու թէ կ՛աղօթէ անոնց համար ու անոնց դժուար ու ցաւալի կացութիւններուն համար՝ որպէսզի նուազին անարդարութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 12:00