Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած ուղերձը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հետ հանդիպումի աւարտին:

Քաջ գիտակին ենք, որ չենք կրնար առանցին փրկուիլ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Տիար Անթոնիօ Կութիերես, ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 75-րդ ամեակի եւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին զոյգ առիթներով:

Հանդիպումի աւարտին յղած պատկերասփռուած ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց.

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը

Գեղեցիկ է, որ մեր այս հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ, դէպի Սուրբ Ծնունդ առաջնորդող օրերուն: Օրեր, որոնց ընթացքին մեր հայեացքը դէպի երկինք  կը սեւեռենք, Աստուծոյ յանձնելու համար մեր սիրտին խօսող անձերն ու կացութիւնները:

Շնորհակալ ենք աշխարհի բոլոր բարիքներուն համար, շնորհակալ ենք անոնց, որոնք անշահախնդրութեամբ կը գործեն,  անոնց որոնք իրենց կեանքը կը սպառեն ծառայութեան մէջ, անոնց,  որոնք առանց վհատելու,  աւելի արդար եւ աւելի մարդակին ընկերութիւն կը կառուցեն:  Քաջ գիտակից ենք,  որ չենք կրնար առանցին փրկուիլ:

Ունկնդրէ լուրը

Չենք կրնար եւ պէտք չէ,, որ անարդարութիւններուն եւ անհաւասարութիւններուն դէմ մեր երեսը այլուր դարձնել, չենք կրնար անտեսել աշխարհի մէջ անօթութեան, աղքատութեան գայթակղութիւնը, աղքատ մանուկները, որոնք զուրկ են ջուրէ, կերակուրէ եւ կեանքի անհրաժեշտ պայմաններէ:

Չենք կրնար մեր աչքերը խփել անթիւ եղբայրներուն դիմաց, որոնք թշուառութեան, կլիմայի փոփոխութեան, պայքարներուն եւ բռնութիւններուն պատճառով իրենց հայրենիքը կը թողուն, այլուր գաղթելու համար՝ տխուր ճակատագիրին դէմ յանդիման գալով:

Պէտք չէ,  որ անտարբեր մնանք, ոտնակոխուած եւ շահագործուած մարդկային արժանապատուութեան դիմաց, մարդկային կեանքի դէմ գործադրուած յարձակումներուն դիմաց, ըլլայ անծին երեխաներուն, ըլլայ խնամքի կարօտ անձերու դիմաց:

Պէտք չէ, որ մեր հայեացքը ալլուր սեւեռել, երբ աշխարհի տարբեր վայրերու  մէջ, տարբեր դաւանաքներուն հաւատացեալներ հալածուած են:

Պէտք չէ, որ անտարբեր մնանք բազմաթիւ պատերազմներուն դիմաց, որոնց թիրախ են անթիւ անմեղներ:

Խաղաղ աշխարհը մը կառուցելու համար հրամայական ու անհրաժեշտ է ազգերու եւ մարդոց միջեւ երկխօսութեան հանդէպ վստահութիւնը:

Եկէք մենք մեզ ճանչնանք, որպէս միակ մէկ մարդկութեան անդամ  եւ խնամք տանինք մեր երկիր մոլորակին, որ սերունդէ սերունդ մեզի յանձնուած է Աստուծոյ կողմէ, զայն պահպանելու, մշակելու եւ մեր զաւակներուն ժառանգութիւն ձգելու համար:

Համապարփակ բնապահպանութիւնը հրամայական ու կարեւոր է: Բան մը ընենք, առաջ որ ուշ ըլլայ:

Անսանք երիտասարդներուն ձայնին, որոնք մեզի կ՝օգնեն իրազեկ դառնալու աշխարհի իրադարձութիւններուն  եւ մեզմէ կը խնդրեն, որ խաղաղութեան սերմանողներն ու կառուցողները դառնանք, միասնաբար եւ ոչ  թէ միայնակ՝ աւելի արդար եւ մարդկային քաղաքակրթութեան համար:

Սուրբ Ծնունդը իր իսկական պարզութեան մէջ, մեզի կը յիշեցնէ, այն ինչ որ կեանքի մէջ իսկապէս կարժէ՝ սէրը: » Ըսաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 13:29