Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց տօնածառի եւ սուրբ մսուրի նուիրատուները:

Մսուրը քրիստոնէական հաւատքի պարզ եւ սքանչելի նշանն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ  ծննդեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած այս տարուան տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի նուիրատուները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ ինք ուրախ է նուիրատուները ընդունելուն hամար ճիշդ այն օրը երբ՝ Սուրբ Պետրոսին հրապարակին վրայ կը  զետեղուին մսուրն ու տօնածառը,  յիշելով նաեւ անցեալ աշնան, զօրաւոր փոթորիկը զոր հարուածեց եւ վնասներ հասցուց Թրիեւենթօ մարզի տարբեր շրջաններուն:  

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ գնահատեց քաղաքացիական իշխանութեան՝ «Ծննդեան կրօնական խորհրդանիշերուն զօրակցութիւնը, նկատելով, որ այդ զօրակցական ժէսթը,  Իտալիոյ Թրենթօ, Վիչենցա, Փրեւիզօ մարզերու ժողովուրդներուն սիրոյ արտայայտութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը ապա  Սուրբ Մսուրի եւ տօնածառի նուիրատուներուն հետ հանդիպումը առիթ նկատեց իր քաջալերանքը փոխանցելու անոնց ժողովուրդներուն, որոնք անցեալ տարի թիրախ դարձան բնական ահռելի աղէտին, զոր քանդեց անտառապատ տարածքները, նկատել տալով, որ այդ բնական աղէտները վախեցնող իրադարձութիւններ են ու արարչագործութեան կողմէ հնչուած ահազանգի նշաններ, որոնք մեզմէ կը խնդրեն անյապաղ որոշումներ առնել, հասարակաց տունը պաշտպանելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ այս գիշեր տօնածառի լոյսերը պիտի վառուին: Տօնածառը մսուրի կողքին պիտի մնայ, մինչեւ ծննդեան տօներուն աւարտը: Մսուրն ու տօնածառը  հիացմունքի առարկաները պիտի դառնան աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն :

Ան ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ պարգեւներուն համար ընդգծելով որ ինք քաջ գիտակից է, որ քաղուած իւրաքանչիւր ծառի տեղ պիտի տնկուի 40 ծառեր՝ վերականգնելու համար 2018ին փոթորիկի հետեւանքով քանդուած անտառները:

Ան ապա դիտել տուաւ, որ նուիրատուներուն կողմէ շնորհուած կարմիր եղեւնին, յոյսի նշան կը հանդիսանայ, յատուկէն  փոթորիկի աղէտէն քանդուած անտառներուն վերականգման եւ վերածաղկման :  

Ինչ կը հայի մսուրին, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց ,որ փայտէ եւ Թրենթօ մարզի ճարտարարուեստական յատկութիւններով  շինուած մսուրը պիտի օգնէ այցելուներուն համտեսելու Տիրոջ ծննդեան հոգեւոր հարստութիւնը:  իսկ Մսուրի փայտէ գերանները՝ բերուած բնական աղէտի վայրերէն, պիտի ընդգծեն այն անկայունութիւնը, որուն մէջ գտնուեցաւ Սուրբ ընտանիքը Բեթղեհէմի գիշերուան մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ ինք մի քանի օր առաջ այցելեց Կրէչօ վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կառուցեց առաջին մսուրը, աւելցնելով որ այդ վայրէն նամակ մը հրապարակեց մսուրի վերաբերեալ, որուն մէջ գրած է թէ մսուրը մեր հաւատքին պարզ եւ սքանչելին նշանն է, եւ երբեք զայն պէտք չէ մոռնալ, այլ գեղեցիկ պիտի ըլլար, որ անիկա փոխանցուի ծնողներէն զաւակներուն,  մամիկներէն, պապիկներէն թոռնիկներուն:  

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց  մաղթելով, որ նուիրատուները, անոնց  հարեւանները ինչպէս նաեւ անոնց տարածաշրջանի բնակիչները Տիրոջ Սուրբ Ծնունդի տօնը անցնեն հանդարտ եւ եղբայրական մթնոլորտին մէջ: Ան ապա օրհնելով բոլորը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 12:00