Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի պաշտօնեաները:

Յիսուս Աստուծոյ ժպիտն է: Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի յայտնելու համար Հօր սէրն ու բարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ընդունեց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան քաղաքի պաշտօնեաները:

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախ եմ դարձեալ ձեր հետ հանդիպելուս համար, Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնին առիթով: Այս անգամ իմ խօսքս պիտի կեդրոնացնեմ ժպիտ բառին վրայ, որուն գաղափարը յղացայ Թայլնատ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ժամանակ: Թայլատնի ժողովուրդը միշտ ժպտուն եւ ազնուական ժողովուրդ  է յատկանշուած յատուկ ազնուականութեամբ:» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով ,որ Թայլանտին փորձարարութիւնը մեծ տպաւորութիւն թողած  է իր վրայ եւ իրեն մտածել տուած է թէ ժպիտը՝ սիրոյ, գուրգուրանքի արտայայտութիւն է, մարդկութեան իւրայատուկ յատկութիւնը: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ թուեց նորածին մանուկը: Նորածինի ժպիտը, մարդուն մէջ կը յառաջացնէ հարազատ եւ պարզ զգացում մը : Երբ նորածին մանուկին մը կը նայինք,  ան իր ժպիտով մեզի կը պատասխանէ: Նորածինի ժպիտը աւելի հզօր է քան մեր ժպիտը, որովհետեւ բիւրեղ, մաքուր ժպիտ է,  նման աղբիւրէն բխած ջուրին: Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ  ապա շեշտեց թէ  Յիսուս, Աստուծոյ ժպիտն է: Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի յայտնելու համար Հօր սէրն ու  բարութիւնը  եւ այս կատարեց, Իր ծնողքին պարգեւած ժպիտով:

Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը իրենց կարգին գիտցան ընկալել այդ պատգամը ապա Յիսուսի ժպիտին մէջ ճանչցան Աստուծոյ ողորմածութիւնը՝ ըլլայ իրենց անձերուն հանդէպ,  ըլլայ անոնց հանդէպ, որոնք կը սպասէին Անոր գալուստին, Մեսիային, Իսրայէլի թագաւորին:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ դիտել տուաւ, որ մսուրին մէջ մենք եւս կը վերապրինք այդ փորձառութիւնը: Նայելով մանուկ Յիսուսին  կը զգանք եւ կը տեսնենք Աստուծոյ ժպիտը:  Աստուած, որ  կը ժպտի աշխարհի բոլոր աղքատներուն, բոլոր անոնց որոնք կ՝ուզեն փրկուիլ, եւ կը յուսան աւելի եղբայրական աշխարհը մը, ուր չկայ ոչ պատերազմներ,  ոչ բռնութիւններ եւ ուր իւրաքանչիւր այր մարդ ու կին կրնայ ապրիլ Աստուծոյ զաւակները ըլլալու արժանապատուութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ Վատիկանի  եւ Սուրբ Աթոռի զանազան գրասենեակներու մէջ եւս միշտ պէտքը կայ  Յիսուսի Մանուկի ժպիտին՝  վերանորոգուելու համար, դիտել տալով որ երբեմն դժուար է ժպտիլ, տարբեր պատճառներուն բերումով եւ ասոր համար պէտքը  ունինք Աստուծոյ ժպիտին, որովհետեւ լոկ Աստուած է որ կրնայ օգնել մեզի: 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը յորդորելով, որ Սուրբ Կոյսն Մարիամի , Սուրբ Յովսէփի ինչպէս նաեւ Բեթղեհէմի հովիւներուն նման,  ընկալենք Մանուկ Յիսուսին ժպիտը եւ մենք մեր կարգին ուրիշներու փոխանցենք այդ հեզ եւ պարզ ժպիտը:

Ան ապա բոլորին մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ Որ առաքելական օրհնութիւն տուաւ Վատիկանի պաշտօնեաներուն ու անոնց հարազատներուն: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 11:56