Պապին ինքնագիրը Պապին ինքնագիրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական ինքնագիրը «La Civiltà Cattolica» պարբերաթերթին 170 ամեակին առիթով:

170 տարիէ ի վեր պարբերաթերթը հաւատարմութեամբ ընկերացաւ Սրբազան Պապերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, ինքնագիրով մը ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց La Civiltà Cattolica պարբերաթերթին հիմնադրութեան 170-րդ ամեակը:

Ինքնագիրին մէջ Սրբազան Հայրը նշած է.

Ունկնդրէ լուրը

«170 տարի առաջ, Երանելի  Պիոս Թ Պապը, Յիսուսեան Միաբանութենէն խնդրեց հիմնել La Civiltà Cattolica պարբերաթերթը:  Այդ ժամանակէն ի վեր պարբերաթերթը հաւատարմութեամբ ընկերացաւ Պապին:  Շնորհակալ եմ նաեւ ինծի ընծայած ձեր օժանդակութեան համար: Շարունակեցէք ապրիլ կեանքի եւ միտքի միջեւ շարժաբանութիւնը ունկնդիրի աչքերով՛ եւ այն գիտակցութեամբ որ “civiltà cattolica բարի Սամարացի է:  

Մաղթանքս է որ Աստուծոյ ներքեւ ստեղծագործներ դառնաք բացայայտելով նոր ուղիները, շնորհիւ նաեւ պարբերաթերթ խանդավառող միջազգային նոր շունչով :

Կատարեցէք ոճի զատորոշում , պայքարեցէք ատելութեան  նախապաշարումի, թշուառութեան դէմ:

Նամանաւանդ մի բաւարարուիք  վերացական եզրակացութիւններ կատարելով կամ «կարկտան» առաջարկներ ներկայացնելով:  

Փոխարէնը , ընդունեցէք  ժամանակից մտահոգութիւններուն մարտահրաւէրը,  որուն մէջ Աստուած միշտ կը գործէ:  Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական ինքնագիրին մէջ:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2020, 13:00