1576414766481.jpg

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. Քահանայապետը օրհնեց Մանուկ Յիսուսի արձանիկները։

Ֆրանչիկսոս Պապ հրաւիրեց նաեւ աղօթել Պուտաբեշտի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային համագումարին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյն ուղղեց բոլոր այն պատանիներուն որոնք հրապարակ ժամանած են իրենց հետ բերելով Յիսուս Մանուկի արձանները։

Ունկնդրէ լուրը

Զանոնք կ՛օրհնեմ ի սրտէ ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Սուրբ Մսուրին հայող վերջերս հրապարակած  «Հրաշալի նշան» առաքելական նամակին, ուր հաստատած էր թէ «Սուրբ Մսուրը նման է կենդանիի Աւետարանի... մինչ կը խոկանք Ծննդեան մասին կանչուած ենք մենք մեզ դնելու հոգեւոր ուղեւորութեան մէջ, հրապուրուած հեզութեամբն Անոր որ մարդեղացաւ հանդիպելու համար իւրաքանչիւր մարդու հետ։ Այդպէսով կը յայտնաբերենք թէ Ան մեզ կը սիրէ մինչեւ այն աստիճան որ մեզի կը միանայ որպէսզի մենք կարենանք միանալ Իրեն»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յիշեց թէ յառաջիկայ  13էն 20 սեպտեմբեր 2020ին Պուտաբեշտի մէջ նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային համագումարը։

Սուրբ Հաղորդութեան համագումարները մէկ դարէ ի վեր մեզի կը յիշեցնեն թէ Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին կեդրոնն է։ Յառաջիկայ համագումարին նիւթը պիտի ըլլայ  «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են» (Սաղմոս 87, 7)։

Աղօթենք որպէսզի Պուտաբեշտի այդ ձեռնարկը քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ հրահրէ նորոգումի գործընթացք. որովհետեւ փրկութիւնը որուն Սուրբ Հաղորդութիւնը աղբիւրն է՝  վերածուի Սուրբ Հաղորդութեան մշակոյթի մը որ կարող ըլլայ ներշնչել բարի կամք ունեցող մարդիկ ու կիներ, բարեսիրութեան, խաղաղութեան, ընտանիքին ու արարչագործութեան խնամքի ոլորտներուն մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու բարի Սուրբ Ծննդեան իննօրեայ «որուն սկիզբ պիտի տրուի վաղը« ըսաւ Ան եւ աւելցուց «Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2019, 12:10