Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնը մեզ կը կոչէ յիշելու երեկուայ եւ այսօրուայ նահատակները ու մեքն մեզ զգալու անոնց հետ հաղորդութեան մէջ, անոնցմէ հայցելով շնորհքը ապրելու ու մեռնելու Յիսուսին համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 26 դեկտեմբեր 2019-ին տիեզերական եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնը, որուն առթիւ աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն  ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսական տօնակատարութեան վրայ մեկնաբանելով Գործք Առաեքոց գիրքէն քաղուած Սուրբ Ստեփանոսի նահատակութեան հատուածը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան մթնոլորտի մէջ ՝ իր հաւատքին համար սպաննուած առաջին քրիստոնեայի սոյն յիշատակը կրնայ անտեղի թուիլ։ Բայց եւ այնպէս հաւատքի հեռանկարով այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզ կը դնէ Սուրբ Ծննդեան իսկական իմաստի հետ ներդաշնակութեան մէջ։ Ստեփանոսի մարտիրոսութեան մէջ արդարեւ բռնութիւնը կը յաղթահարուի սէրէն ու մահը կեանքէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ «Աւետարանի այդ երիտասարդ ծառան գիտցաւ ոչ միայն խօսքով վկայել Յիսուսը այլ եւ ամէնէ առաջ կեանքով»։

Անոր մէջ կ՛իրականանան Յիսուսին խօսքերը «Երբ ձեզ մատնեն դատարաններուն, Հօր ոգին ձեզի ուժ եւ խօսքեր պիտի պարգեւէ վկայութիւն տալու համար (Մատթ 10, 19-20)։

«Սուրբ Ստեփանոսի նման սորվինք մեր հայեացքը ուղղել Յիսուսին վրայ, որ Հօր Աստուծոյ հաւատարիմ վկան է։ Քրիստոնեաներուն համար երկինքը հեռու չէ, Յիսուսին միջոցաւ Երկինքը երկիր իջաւ ու Անոր շնորհիւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մենք կարող ենք մարդկային իրողութիւնները կողմնորոշել դէպի երկինք» ըսաւ ապա Քահանայապետը։

Սուրբ Ստեփանոս սարկաւագ մըն էր, Եկեղեցւոյ եօթը առաջին սարկաւագներէն մին։ Ան մեզի կը սորվեցնէ Քրիստոսը հռչակել եղբայրութեան ու աւետարանական սիրոյ արարքներով։ Մահուամբ պսակուած անոր վկայութիւնը ներշնչումի աղբիւր է քրիստոնեայ հասարակութիւններու վերանորոգման համար։ Անոնք կանչուած են միշտ աւելիով դառնալ միսիոնար եւ մղուած աւետարանութեան՝ հասնելու համար բոլոր մարդոց ու կիներուն որոնք կ՛ապրին գոյութենական եւ աշխարհագրական արուարձաններուն մէջ ուր կայ յոյսի եւ փրկութեան ծարաւը։

«Կարիքը կայ հասարակութիւններու որոնք չեն հետեւիր աշխարհիկ տրամաբանութեան եւ իրենք զիրենք չեն նկատեր որպէս կեդրոն այլ կը ձգտին միայն Փառաբանելու Աստուած ու գործելու մարդոց բարիքին համար, յատկապէս փոքրիկներուն եւ աղքատներուն բարիքին համար» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով որ «Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնը մեզ կը կոչէ յիշելու երեկուայ եւ այսօրուայ նահատակները ու մեքն մեզ զգալու անոնց հետ հաղորդութեան մէջ, անոնցմէ հայցելով շնորհքը ապրելու ու մեռնելու Յիսուսին  համար»։

«Մարիամ՝ Փրկիչին Մայրը օգնէ մեզի աղչելու այս Սուրբ Ծննդեան ժամանակը մեր հայեացքը ուղղելով Յիսուսին վրայ որպէսի ամէն օր միշտ աւելիով դառնանք Անոր նման»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2019, 12:05