Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Դառնանք մարգարէական թթխմոր՝ պաշտպանելու ու խնամք տանելու իւրաքանչիւր կեանքի». Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

Քրիստոնեային համար միակ չափանիշը որով ան կարող է դատել ամէն մէկ անհատ՝ Հօր գթութեան չափանիշն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 նոյեմբեր 2019-ի Թոքիոյի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Թոքիոյի Պունքիօ շրջանին մէջ գտնուող բազմագործունեայ մարզադաշտին մէջ մատոյց Ճափոնի ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը  նուիրուած «Մարդկային կեանքի պարգեւին»։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուած Աւետարանը կը հայէր «լերան քարոզին» որուն մասին քարոզեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նախ եւ առաջ լերան  իմաստին որ Աստուածաշունչին համաձայն վայրն է ուր Աստուած կը յայտնուի ու ինքզինք կը ճանչցնէ։ Յիսուս ապա գագաթն է որ մեզ կ՛առաջնորդէ լիութեան, «Անոր մէջ կը գտնենք նոր կեանք մը, որուն մէջ կը փորձարկենք սիրուած զաւակներ ըլլալու ազատութիւնը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ այդ ճանապարհին վրայ գտնուող խոչընդոտներուն, որոնց շարքին նշեց սպառողութեան եւ արտադրութեան նողկալի որոնումը որ շատ անգամ ընտրուած է   մեր  ընտրանքներուն կամ մեր էութեանորպէս միակ չափանիշ։

«Այս մէկը մեզ կը դարձնէ անզգայ հանդէպ կարեւոր բաներուն ու մեր սիրտը կը մղէ տրոփելու անցողական ու մակերեսային իրականութիւններուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  մատնանշելով թէ ինչպէս Ճափոնի մէջ եւս, որ տնտեսապէս զարգացած ընկերութիւն մըն է, կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կղզիացած են, կ՛ապրին հեռու եւ անկարող են հասկնալու կեանքի ու իրենց գոյութեան իմաստը։  Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ տուն, դպրոց ու հասարակութիւն,  որոնք սահմանուած են ըլլալու վայրեր՝ ուր մէկը միւսին կ՛օգնէ, շահի ու արդիւնաւէտութեան փնտռտուքի բերումով միշտ աւելիով ապականած են։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Յիսուսն խօսքերը,  որոնք, ըսաւ Ան,  որպէս բուժիչ բալասան, մեզ կը հրաւիրեն չի վրդովելու. (Մատթ 6, 25.31.34) «Մի մտահոգուիք ձեր կեանքի մասին, թէ ինչ պիտի ուտէք կամ ինչ պիտի խմէք…». Այս մէկը անշուշտ հրաւէր չէ անտեսելու մեր շուրջ պատահած բաները, ընդհակառակը մարտահրաւէր է՝  այդ մեր առաջնութիւնները բանալու աւելի լայն հորիզոնի մը. «Փնտռեցէք նախ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ արդարութիւնը ու այն ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (Մատթ 6,33)։

Տէրը մեզի չուզեր ըսել որ  հիմնական պէտքերը, ինչպէս կերակուրն ու հագուստները, կարեւոր չեն, ան մեզ կը հրաւիրէ մեր ընտրանքները վերատեսելու  ու չի մնալու բանտարկուած ամէն գնով յաջողութեան փնտռտուքի թակարդին մէջ։ Որովհետեւ աշխարհիկ վերաբերմունքը՝ որ կը փետրէ միայն սեփական շահը, ինչպէս նաեւ եսասիրութիւնը որ կը ձգտի անհատական երջանկութեան, իրականութեան մէջ մեր կը դարձնեն ապերջանիկ ու ստրուկ, ու արգելք են իսկական ներդաշնակ ու մարդկային ընկերութեան մը զարգացումին։

«Ես»ին հակառակը «մենք»ն է ու մենք կարիքը ունինք հասկնալու որ մեր ինքնութիւնը պարգեւի մը պտուղն է, ապա պէտք է ընդունինք որ մեր ազատութիւնը շնորհք մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով քրիստոնեայ հասարակութիւնը պաշտպանելու իւրաքանչիւր կեանք ու իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ վկայելու ապրելակերպ մը որ յատկանշուած ըլլայ կարեկցութեամբ, վեհանձնութեամբ, հլու ունկնդրութեամբ ու կարող ողջագուրելու ու ընկալելու կեանքը այնպէս ինչպէս որ կը յայտնուի «իր ամբողջ դիւրաբեկութիւններով»։

Մենք կանչուած են ըլլալու հասարակութիւն մը որ կը զարգացնէ մանկավարժութիւն մը որ կարող ըլլայ «ընկալելու ամէն ինչ որ կատարեալ չէ ու ամէն բան որ բիւրեղ եւ զտուած չէ, բայց եւ անպէս միշտ ալ սիրոյ արժանի։ Այսպէս ըրաւ նաեւ մեր Տէրը Յիսուս, ան ողջագուրեց բորոտը, կոյրը, անդամալոյծը, փարիսեցին ու մեղաւորը։ Ողջագուրեց  նաեւ աւազակը խաչին վրայ ու ներեց նոյնիսկ  բոլոր անոնց որոնք զինք խաչեցին։

Կեանքի աւետարանի հռչակումը մեզ կը մղէ ու մեզմէ կը պահանջէ դառնալ դաշտային հիւանդանոց որ պատրաստ ըլլայ դարմանելու վէրքերը ու շնորհելու հաշտութեան ու ներումի ուղի։ Որովհետեւ Քրիստոնեային համար միակ չափանիշը որով ան կարող է դատել ամէն մէկ անհատ՝ Հօր գթութեան չափանիշն է որ վերապահուած է անոր զաւակներուն։

«Միացած Տիրոջ, համագործակցելով ու երկխօսութիւն հաստատելով բոլորին հետ ու նաեւ անոնց հետ որոնք ունին տարբեր կրօնական համոզում, մենք կարող ենք դառնալ մարգարէական թթխմոր՝ ընկերութեան մը մէջ որ միշտ աւելիով ձգտի պաշտպանելու ու խնամք տանելու իւրաքանչիւր կեանքի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2019, 09:17