Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Սոֆիա համալսարանի աշակերտներուն. «Սորվիլ լաւագոյնը ընտրել»:

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Թոքիոյի մէջ գտնուող Յիսուսեան միաբանութեան պատկան Սոֆիա համասարանը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Թոքիոյի Սոֆիա համալսարանը՝  հիմնուած  է 1913ին, ձեռամբ Յիսուսեան միաբանութեան հայրերուն:

Ունկնդրէ լուրը

Համալսարանին տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք, ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն փոխանցած իր սրտի խօսքին մէջ անդրադառնալով Ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան, Աստուծոյ եւ Ճափոնի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց, այդ առիթը ընծայելուն համար, ընդծելով, որ Ճափոն երկիրը մեծ հետք ձգած է Ֆրանչիսկոս Սավերիոյին կեանքին մէջ :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ Քրիստոնեաները Ճափոնի մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, անոնց ներկայութիւնը յոյժ զգալի է: Ան ապա բարձր գնահատելով Ճափոնական մշակոյթը նկատել տուաւ, որ Ճափոնի ժողովուրդը հարուստ է մշակութային ժառանգութեամբ: Ճափոնը կարողացաւ ներգրաւել Ասիական կրօնները ու միտքը՝ որպէս ամբողջութիւն մը եւ ստեղծել յատուկ ինքնութիւն ունեցող մշակոյթ մը: Ան թուեց Աշիքակա դպրոցը, որ շատ տպաւորած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սավերիոն:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա խօսելով Սոֆիա համալսարանի մասին նշեց, որ համալսարանը միշտ զատորոշուած է մարդկայնապաշտական, քրիստոնէական և միջազգային ինքնութեան համար: Համալսարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր, հարուստ է տարբեր երկիրներէ ժամանած դասատուներով, միացած մէկ նպատակով, որ է Ճափոնի երիտասարդներու փոխանցել լաւագոյնը:

Ան ապա քաջալերեց աշակերտները միեւնոյն հոգիով օժանդակել ճափոնի մէջ կարիքաւոր օտարականներուն, յոյս յայտնելով, որ համալսարանի արուեստագիտական ոլորտէս ներս արձանագրուած բոլոր յաջողութիւնները, մարդկային կրթութեան ծառայութեան ի սպաս դրուին:

Ապա մաղթեց որ «Իքնատիոսեան» աւանդութեան վրայ հիմնուած համալսարանը, բոլորիս խթան հանդիսանայ ստեղծելու միջավայրը մը,  որ կը նպաստէ զատորոշումի եւ մտածողութեան:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Յիսուսեան միաբանութեան առաքելական համասալարաններուն նախընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսաց սինոդէն բխած առաջարկներուն, նշեց թէ Տիեզերական եկեղեցին յոյսով  եւ շահագրգռութեամբ կը նայի աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն: Եկեղեցւոյ գլխաւոր նպատակն է ընկերանալ երիտասարդներուն: Արդարեւ Սոֆիայի համասարանը կանչուած է կեդրոնանալու երիտասարդներուն վրայ, որոնք ոչ միայն որակաւոր կրթական ծրագիրներուն ենթականներ են, այլ աշակերտները նաեւ կանչուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ կրթական ծրագիրներուն կիսելով իրենց յոյսերն ու տեսլականները:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով համալսարանի դասատուներու եւ աշակերտներուն, որ սոյն հանդիպումը պտղաբեր դառնայ բոլորին կեանքի եւ համալսարանի հասարակաց կեանքին մէջ: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 10:07