Ֆրանչիսկոս Պապ .«Դարձէք սիրոյ խելագարները՝ ուրիշներուն օգնելու համար»:

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի թեմի պատկան բարեսիրական կեդրոնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այցելեց Հռոմի թեմի Քարիթասի հոգածութեան տակ գտնուող բարեսիրական կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի մէջ հիւրընկալուած աղքատներուն, կամաւորներուն եւ Քարիթասի գործիչներուն հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը շրջեցաւ կեդրոնի բոլոր վայրերը այցելեց, Սանթա Ճիաչինդա հիւրընկալութեան կեդրոնն ու  սեղանատունը, ապա կեդրոնի դահլիճէն ներս հանդիպեցաւ բարեսիրական կեդրոնի մէջ հիւրընկալուած աղքատներուն, անօճախներուն, կամաւորներուն եւ քարիթասի անդամներու հետ:

Նախ Քան Նորին Սրբութեան սրտաբուխ խօսքը, կեդրոնի մէջ գործող կամաւոր մը՝ որ իր կարգին փրկուած է ճամբաներէն խօսեցաւ եւ վկայութիւններ տուաւ իր ապրած կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մասին, եւ որուն վկայութիւնը մեծապէս տպաւորեց Նորին Սրբութիւնը:

Կեդրոնի հիւրերուն, կամաւորներուն ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց այն իրողութեան վրայ, որ բոլորս խոցելիներ ենք, չկայ մարդ արարած մը, որ խոցելի չէ եւ լոկ՝ մեր խոցելիութեան ճանաչումով , իրազեկ դառնալով, այն ժամանակն է ,որ կը մղուինք՝ օգնութեան փութալու՝ կարիքաւորին, մերձաւորին, աղքատին:

«Բոլորս Խոցելիներ ենք եւ Քարիթասի մէջ աշխատիլ կարենալու համար պէտէ է ճանչնալ այդ բառը եւ զայն մարմնացել մեր սիրտին մէջ»: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով « Աստուած մեզի համար խոցելի դարձաւ: Յիսուս մանուկը ծնելու համար բնակարանէ զերկ էր: Ան տառապեցաւ- հալածուեցաւ, եւ այլ  երկիր գաղթեց: Յիսուս եւս աղքատ եւ գաղթական էր եւ ասոր համար կրնանք իր հետ խօսիլ առանց վախի: Կրնանք մտերիմ բարեկամութիւն մշակել  Յիսուսին հետ, մեր կեանքին մէջ կրնանք իր հետ ընթանալ, որովհետեւ ունինք միեւնոյն իքնութիւնը այսինքն խոցելիներ ենք եւ Աստուծոյ կողմէ սիրուած եւ Փրկուած ենք: սա է ուղեւորութիւն զոր պէտք ենք կատարել: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ան ապա շեշտեց, որ աւետարանումի միակ ուղին կը կայանայ վկայութիւն տալու մէջ, օրինակ բերելով բարի Սամարացիէն, որ կրօնաւոր չ՝ըլլալով հանդերձ, օգնութեան հասաւ՝ գողերուն կողմէ վիրաւորուած մարդուն: Նորին Սրբութիւնը ապա  բարի Սամարացին նմանեցնելով խելագարի մը,  սիրոյ եւ ուրիշին օգնելու խենթը, քաջալերեց, որ մենք եւս սիրոյ խենթերը դառնանք ՝ օգնութեան հասնելու համար մեզի պէս խոցելիներուն, աղքատներուն կարիքաւորներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2019, 10:28