Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներու հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց, որ տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ հիւանդները Պօղոս Զ դահլիճէն հանդարտութեամբ եւ առանց թռչուելու հետեւին իր հրապարակային ունկնդրութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, առաւօտեան, նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս պապ  հանդիպեցաւ խումբ հիւանդներուն հետ, որոնք դահլիճէն  ներս տեղադրուած  մեծ պաստառին միջոցաւ,  հետեւեցան ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Հիւանդներուն փոխանցած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Դուրսը կ՝անձրեւէ: Հոս աւելի հանգիստ կրնաք հետեւիլ հրապարակային ունկնդրութեան՝ խաղաղութեամբ եւ հնադարութեամբ՝ առանց թռչուելու: Շնորհակալ եմ ձեր այս այցելութեան համար: Ինծի համար ուրախութիւն է,  երբ ականատես կ՝ըլլամ,  որ դուք ձեր բազմաթիւ դժուարութիւններով,  Եկեղեցւոյ սիրոյն համար հոս կու գաք, ըսելու համար, որ դուք կը եկեղեցին կը սիրէք:  Սա մեծ բարիք կը յառաջացնէ բոլոր անոնց,  որոնք ձեզ կը տեսնեն: Շնորհակալութիւն  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ այս «այժմ միւս խումբին մօտ կ՝երթամ որ  հրապարակ կը գտնուին,  քիչ մը թռչուածվիճակի մէջ :  Մեծ պաստառին միջոցաւ միացած մնանք:» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 10:50