Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 32-րդ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը Ճափոն. «Պաշտպանել կեանքը» բնաբանով.

Ճափոնի ճամբորդութեան նշանաբանն է ու ճամբորդութեան առանցքը կը կազմէ « իւրաքանչիւր կեանքի պաշտպանութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 նոյեմբեր 2019-ին Պանքոկի ժամանակացոյցով 8.20 անց (Հռոմի ժամով 2.20 անց) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք Պանքոկի առաքելական նուիրակութեան մէջ գործող անձնակազմը ու նուիրակութեան բարերարները հրաժեշտ առաւ անոնցմէ եւ ուղղուեցաւ Պանքոկի օդակայան ուր Թագաւորական Խորհուրդի անդամի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Թայլընտի եպիսկոպոսներուն ու Թայլընտի քաղաքական իշխանութիւններու մէկ պատուիրակութեան ու երկրի փոխ Վարչապետին։

Ունկնդրէ լուրը

Ժամը 9.30 անց (Հռոմի ժամով առաւօտեան 3.30ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ։

4600 կմ հեռաւորութեամբ ու 6 ժամ 10 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութենէն ետք Քահանայապետական օդանաւը՝ Թոքիոյի օդակայան վայրէջք կը կատարէ տեղական ժամով երեկոյեան 17.40 (Հռոմի ժամով 9.40) ու կը դիմաւորուի Երկրի փոխ Վարչապետի կողմէ։

Ճափոնի ճամբորդութեան նշանաբանն է ու ճամբորդութեան առանցքը կը կազմէ « իւրաքանչիւր կեանքի պաշտպանութիւնը»։

Ճափոնի մէջ Սրբազան Քահանայապետին յայտագրի մէջ նախատեսուած առաջին հանդիպումը վերապահուած է Ճափոնի եպիսկոպոսներուն։ Հանդիպումը կը կայանայ շաբաթ 23 նոյեմբերի երեկոյեան Թոքիոյի առաքելական նուիրակութեան մէջ։

Յաջորդ օր Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները ուր նախատեսուած են այլ հանդիպումներ որոնք շարքին երիտասարդներու հետ հանդիպում ինչպէս նաեւ Միջուկային Զէնքերու զինաթափման առումով Քահանայապետական պատգամներ։

Սրբազան Պապը առանձնական այցելութիւն պիտի տայ նաեւ Ճափոնի կայսեր Նիրոհիթոյին, պիտի հանդիպի երկիրն քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ապա եզրափակիչ պատարագը պիտի մատուցէ Թոքիոյի մարզադաշտին մէջ, մինչ վերջին օրը պիտի այցելէ Յիսուսեան Միաբանութեան Սոֆիա Համալսարանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 08:00