Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Հռոմ։

Վերջ գտաւ Նորին Սրբութեան Ասիական ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4.13-ին ֆրանչիսկոս Քահանաղապետը` Թոքիոյէն Հռոմ փոխադրող օդանաւը` 12 ժամ տեւող թռիչքէ ետք  վայրէջք կատարեց ֆիումիչինօ օդակայան վերջ տալով Նորին Սրբութեան Ասիական երկու երկիրներ` Թայլընտ եւ Ճափոն կատարած առաքելական 32-րդ ճամբորդութեան, որ սկիզբ առած էր անցեալ 19 նոյեմբերի երեկոյեան։

Հռոմ ժամանելուն, սովորութեան համաձայն, Քահանայապետը ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, աղօթելու համար ու Սալուս Փոփուի Ռոմանի Տիրամօր իր շնորհակալութիւնը յայտնելու` ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 17:00