Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Անկոլայի Նախագահը: Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Անկոլայի Նախագահը: 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Անկոլայի Նախագահը:

Հանդիպումները կայացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Անկոլայի միջեւ բարի յարաբերութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ այսօր՝ 12 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Անկոլայի Նախագահ Տիար Ժաօ Մանուէլ Կոնզալվէս Լուրենսոն։ Մինչ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը գերապայծառ Միրոզլաւ Սթանիզլաւ Վաչովսքին ընդունեց Անկոլայի արտգործ նախարար՝ Տիար Մանուել Տոմինկոս Աուկուսթոն։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ  որ հանդիպումները կայացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Անկոլայի միջեւ բարի յարաբերութիւնները ու գնահատուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերութեան տարբեր ոլորտներու ներքոյ ներդրումները։ Յատուկէն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Վատիկանի մէջ անցեալ 13 սեպտեմբերին ստորագրուած երկկողմ համաձայնութեան ինչպէս նաեւ Երկիրն մէջ տիրող իրավիճակին ու այդ առընչութեամբ թափուած ջանքերուն խթանելու զարգացումը ու պահպանելու ընկերային խաղաղութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 13:07