Առաքելական ճամբորդութիւն. Քահանայապետին պատգամը ուղղուած Ճափոնցիներուն։

«Միջուկային զէնքի գործածութիւնը անբարոյական է» շեշտեց Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն Թայլընտ եւ Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որ անցեալ օրերուն լսատեսողական պատգամ մը յղած էր Թայլընտի ժողովուրդին երկուշաբթի 18 նոյեմբերին այլ պատգամով մը ուզեց իր բարեկամական խօսքերը ուղղել ճափոնցիներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Իմ Ճափոն այցելութեանս ընտրուած բնաբանը է «Պահպանել իւրաքանչիւր կեանք» ։ Այս զօրեղ բնազդը որ կը հնչէ մեր սրտերուն մէջ, պաշտպանելու ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնն ու արժէքը, յատուկ  նշանակութիւն կը ստանձնէ՝ ի տես  խաղաղ համակցութեան դէմ մղուած  սպառնալիքներուն, որոնց դիմաց կը գտնուի աշխարհը, յատկապէս զինեալ հակամարտութիւններու պատճառաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ Ճափոնը լաւապէս կը ճանչնայ պատերազմին պատճառած ցաւերը, ապա հաստատեց թէ անոնց հետ միասին կ՛աղօթէ որպէսզի միջուկային կործանիչ զէնքերու ուժը մարդկային պատմութեան մէջ երբեք վերադարձ չի կատարէ։

«Միջուկային զէնքի գործածութիւնը անբարոյական է» շեշտեց Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց երկխօսութեան մշակոյթի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ եղբայրութեան մշակոյթին, յատկապէս տարբեր կրօնական աւանդութիւններու միջեւ որոնք կարող են  սատարել յաղթահարելու համար բաժանումները, խթանել մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը ու յառաջ ընթանալ բոլոր ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումի ուղիով։

Կը յուսամ որ իմ այցելութիւնս ձեզ քաջալերէ իրար զիրար յարգանքի ու հանդիպումի ուղիին վրայ, որ կը տանի ապահով խաղաղութեան, որ կը տեւէ ժամանակներու ընթացքին եւ որ երբեք ետքայլ չի կատարէր։ Խաղաղութիւնը ունի գեղեցիկ յատկութիւն մը՝ այն է թէ երբ ան իսկական է ետ չի դառնար, ակռաներով կը պաշտպանուի։

Առիթը պիտի ունենամ գնահատելու ձեր երկիրը յատկանշող բնական վեհ  գեղեցկութիւնը ու արտայայտելու միասնական իղձը խթանելու եւ  ամրապնդելու կեանքին պաշտպանութիւնը որ կը ներառէ երկիրն ու մեր հասարակաց տունը,  զոր գեղեցիկ կերպով ձեր մշակոյթը ներկայացուցած է՝  ծաղկած կեռասով։

Գիտակից եմ որ բազմաթիւ մարդիկ կ՛աշխատին պատրաստելու համար այս այցելութիւնը։ Անկեղծ շնորհակալ եմ բոլոր ջանքերուն համար ու յոյսով եմ որ այս օրերը ըլլան հարուստ շնորհքներով եւ ուրախութեամբ։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ զօրակցական աղօթքս ու կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 09:00